ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ՏՊԱՐԱՆ ԵՒ ԳՐԱԽԱՆՈՒԹ

Երեքշաբթի, 30 Հոկտեմբեր 2012-ին, տարրական բաժինի Ա. դասարաններու աշակերտները մեծ ուրախութեամբ ուղղուեցան դէպի Համազգայինի տպարանը։ Անոնք դիտեցին տպարանի գործիքները եւ մօտէն հետեւեցան տպագրական աշխատանքի հանգրուաններուն։ Աշակերտներուն մտքին մէջ յստակ դարձաւ գիրքի մը մեծաքանակ արտադրութեան աշխատանքի ձեւը։ Տպարանէն ետք, անոնք ուղղուեցան Համազգայինի գրախանութը, դիտեցին հոն ցուցադրուած եւ վաճառքի դրուած…

ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԼՈՒՐԵՐ

Տարրական բաժինի աշակերտները ամառը ձեռնածալ չանցուցին։ Անոնք մասնակցեցան տարբեր-տարբեր մրցումներու եւ ձեռք բերին փայլուն յաջողութիւններ։ Մեր մարզիկ աշակերտներէն յիշենք. Հրակ Լախեան Յունաստանի մէջ կազմակերպուած ճատրակի մրցաշարքին հանդիսացաւ երրորդ։ Շահան Նաճարեան ստացաւ տիպար մարզիկի ոսկի մետալ։ Քրիստ Պարսումեան մեծ յաջողութիւն արձանագրեց մարմնամարզութեան աշխարհին մէջ։

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՊԱՅԹԱՐԵԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆ

Երեքշաբթի, 23 Հոկտեմբեր 2012-ին Նորսիկեան մանկապարտէզի կանաչ դասարաններու աշակերտները այցելեցին Պայթարեան հաստատութիւն՝ դիտելու կարի գործիքները։ Աշակերտները շրջեցան հաստատութեան զանազան յարկերը եւ ծանօթացան դերձակին աշխատանքի զանազան հանգրուաններուն։ Այցելութեան աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն։

ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ՎԵՐԱՄՈՒՏ

Մանկապարտէզի կանաչ դասարաններու վերամուտը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 2 Հոկտեմբեր 2012-ին, իսկ վարդագոյն եւ կապոյտ դասարաններու աշակերտներուն վերամուտը՝ 3 եւ 4 Հոկտեմբերին։ Յիշեալ օրերուն, առաւօտեան ժամը 8։30-ին աշակերտները հաւաքուեցան մանկապարտէզի բակը, ուր ուսուցչուհիները կանաչ դասարանի փոքրիկներուն վիզերուն անցուցին գունաւոր puzzle-ներ, կապոյտ դասարանի փոքրիկներուն՝ գունաւոր ժպտուն դէմքեր, իսկ վարդագոյն դասարանի…

«ՊԶՏԻԿ-ՄԶՏԻԿ»-ի ՄՐՑԱՆԱԿԱԿԻՐՆԵՐԸ ԿԸ ԶԵԿՈՒՑԵՆ։

«Ազդակ»-ի մանկապատանեկան յաւելուած «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի կազմակերպած հայոց պատմութեան գիտելիքներու զարգացման մրցումին մրցանակակիրները` Նանի Գալուստեան, Հայկ Աւօ Աւետիս, Լոռի Գորեսեան եւ Մհեր Փելթեքեան, 1 Սեպտեմբեր 2012-ին, այցելեցին Հայաստան, ուր մէկ շաբթուան տեւողութեան կրթական-դաստիարակչական ծրագիր մը իրականացուցին: Ծրագիրը իրագործուեցաւ շնորհիւ «Եռագոյն ֆոնտ»-ի աջակցութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան համագործակցութեան: Մրցանակակիրները մէկ…

ԴՊՐՈՑԻՆ ԴԵՐԸ ՀԱՅԵՑԻ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

Սկսող եւ արդէն մասնակիօրէն սկսած 2012-2013 կրթական տարեշրջանի գլխաւոր մտահոգութիւնը սուրիահայ դպրոցներու տագնապալի վիճակն է ու սուրիահայ աշակերտներու հոսքը Լիբանան: Բնականաբար մեր պարտքն է ամէն դիւրութիւն ընծայել եւ իրենց բնակութեան վայրէն հարկադրաբար դուրս մղուած հայ աշակերտներուն ապահովել հայեցի կրթութիւն եւ ուսման ընթացքի շարունակութիւն: