ԽՈՐՈՎԱԾԻ ԵՐԵԿՈՅ
Ուրբաթ, 14 Հոկտեմբեր 2017-ին, տեղի ունեցաւ Լսարանական Միութեան առաջին խրախճանքը՝ խորովածի երեկոն: Լսարանականները ուրախ ժամեր անցուցին հաճելի եւ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ:
ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Ճեմարանի Լսարանական Միութիւնը Հինգշաբթի, 28 Սեպտեմբեր 2017-ին ընտրեց իր վարչութիւնը հետեւեալ ձեւով. -Ժ1. Դասարանէն՝ Շահան Հաւաթեան -Ժ2. Դասարանէն՝ Կարէն Քէշիշեան -ԺԱ. գրականէն՝ Պեթի Փաչանեան -ԺԱ. գիտականէն՝ Լէա Խաչատուրեան -ԺԲ. գրականէն՝ Գարլօ Դարբինեան -ԺԲ. գիտականէն՝ Ռազմիկ Տէրունեան Լսարանական Միութեան աշակերտները 5 Հոկտեմբերին ընտրեցին Լսարանական Միութեան նախագահը` ներկայութեամբ Լսարանական Միութեան…
«ԽՈՍՏՈՒՄԸ» (THE PROMISE) ՖԻԼՄԻ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ
Հինգշաբթի, 27 Ապրիլ 2017-ին Լսարանական Միութեան Ժ. եւ ԺԱ. դասարաններու աշակերտները Չալեան սրահէն ներս Ճեմարանի շրջանաւարտ բեմադրիչ Հրայր Գալեմքերեանի հետ զրուցեցին ցեղասպանութեան նիւթը պատմող «Խոստումը» ֆիլմին մասին:
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ
Հինգշաբթի, 6 Ապրիլ 2017-ին տեղի ունեցաւ Լսարանական Միութեան վերջին ընդհանուր ժողովը: Խօսք առաւ միութեան նախագահ Քրիստ Բրուտեան, որ յայտնեց 2016-2017 տարեշրջանին միութեան կատարած ձեռնարկներուն ընթացքը եւ նշեց որ վարչութիւնը իր կարելին ըրաւ, որ յաջող գործունէութիւն ունենայ: Լսարանական Միութեան գանձապահ Նշան Կուրղիկեան ներկայացուց ամբողջ տարուան ընթացքին միութեան ապահոված շահը՝…
«ԱՆՏԱՌԱՊԱՀԸ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՏԱՐԱԾՔԻՆ»
Հինգշաբթի, 6 Ապրիլ 2017-ին, Լսարանական Միութեան կենսոլորտի խմբակին կազմակերպութեամբ, ԺԲ. դասարանէն Նարօտ Սերուժեան ներկայացուց «Անտառապահը Լիբանանի տարածքին» նիւթը: Ան բացատրեց, թէ ի՛նչպէս այսօր աշխարհը կենսոլորտի հետ կապուած մեծ խնդիրներ ունի, ըլլան անոնք ջերմացում, ապականում, որոշ անասուններու ոչնչացում, եւայլն: Լիբանանի պարագային, զարմանալի չէ որ կան մեծ խնդիրներ: Ըստ «Pollution…
ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՔԱՌՕՐԵԱՅ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻՆ ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՁԵՌՆԱՐԿ
Հինգշաբթի, 30 Մարտ 2017-ին, կազմակերպութեամբ Լսարանական Միութեան վարչութեան, տեղի ունեցաւ 2016 Ապրիլին տեղի ունեցաւ Արցախի քառօրեայ պատերազմին տարելիցին նուիրուած ձեռնարկ «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահէն ներս: Լսարանական Միութեան նախագահ Քրիստ Բրուտեանի բացման խօսքէն ետք, ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, ապա օրուան բանախօս Լեւոն Աւետանեան ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի քառօրեայ պատերազմը: Ան նախ…
ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՀԱՅԿԱԶՈՒՆ ԱԼՎՐՑԵԱՆԻ ՀԵՏ
Հինգշաբթի, 30 Մարտ 2017-ին, Լսարանական Միութեան հիւրն էր Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոն գիտահետազօտական հիմնադրամի տնօրէն, հայագէտ Հայկազուն Ալվրցեան: Լսարանական Միութեան նախագահ Քրիստ Բրուտեանի ողջոյնի խօսքէն ետք, Ալվրցեան յետադարձ ակնարկով մը աշակերտներուն պատմեց, որ Խորհրդային Միութեան օրերուն Արեւմտահայաստանի մասին տեղեկութիւններ չկային Հայաստանի մէջ. Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք, երբ դռները…
ՌՈԼԱՆՏ ՇԱՌՈՅԵԱՆ՝ ԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՀԻՒՐԸ
Հինգշաբթի, 16 Մարտ 2017-ին, Լսարանական Միութեան հիւրն էր Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախկին նախարար, պատկերասփիւռի եւ ձայնասփիւռի ազգային խորհուրդի անդամ, գրող, հրապարակախօս Ռոլանտ Շառոյեան: Միութեան նախագահ Քրիստ Բրուտեան հրաւիրեց օրուան հիւրը, որ նախ պատմեց յուշ մը նահատակներ Մհեր Ջուլհաճեանի եւ Վիգէն Զաքարեանի հետ իր անցուցած երեկոյին մասին. անոնք Հայաստան…
ՁԻՒՆԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ
22 եւ 23 փետրուար 2017-ին, տեղի ունեցաւ Լսարանական Միութեան վարչութեան կազմակերպած ձիւնագնացութիւնը, Ֆարայա շրջանէն ներս: Առաւօտեան ժամը 12-ին, դասերը աւարտելէ ետք, երկրորդական բաժնի աշակերտներս խմբուեցանք եւ նախաճաշեցինք, ապա ուղղուեցանք դէպի Ֆարայա, ձիւնին վրայ ժամանակ անցընելու, ինչպէս նաեւ «Դրօշակի խաղը» խաղալու: Բաւական զուարճանալէ ետք, ուղղուեցանք հիւրանոց, ուր տեղաւորուեցանք եւ…
ԶՐՈՅՑ-ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ «ԹՈՒՄՕ՝ ՍՏԵՂԾԱՐԱՐ ԱՐՀԵՍՏԱԳԻՏԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆ»Ի ՄԱՍԻՆ
Հինգշաբթի, 2 Փետրուար 2017-ին, կազմակերպութեամբ Լսարանական Միութեան վարչութեան, տեղի ունեցաւ զրոյց-ներկայացում Հայաստանի մէջ գործող «Թումօ՝ ստեղծարար արհեստագիտական կեդրոն»ին մասին: Զրոյցը վարեցին աւարտական դասարանէն Արզնի Արսլանեան եւ Արենի Խաչատուրեան, որոնք 2016-ին մասնակցած էին Թումոյի ամառնային ճամբարին: 2011-ին հիմնուած Թումօն այսօր ունի չորս մասնաճիւղեր՝ Երեւան, Դիլիջան, Գիւմրի եւ Արցախ: Սամ…
ՅԻՇԱՏԱԿԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ ՃԵՄԱՐԱՆԱԿԱՆ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒՆ
Հինգշաբթի, 26 Յունուար 2017-ին, կազմակերպութեամբ Լսարանական Միութեան, «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ ինը ճեմարանական նահատակներուն յիշատակի ոգեկոչումը, ներկայութեամբ անոնց ընտանիքներու անդամներուն: Ձեռնարկին բացման խօսքը ընթերցեց ԺԲ. դասարանէն Արին Թաշճեան: Ան ըսաւ. «Կարելի չէ զատորոշել նահատակները, կարելի չէ տարբերութիւն դնել այս կամ այն անհատին միջեւ, որ չէ…