«ԱՆՏԱՌԱՊԱՀԸ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՏԱՐԱԾՔԻՆ»
Հինգշաբթի, 6 Ապրիլ 2017-ին, Լսարանական Միութեան կենսոլորտի խմբակին կազմակերպութեամբ, ԺԲ. դասարանէն Նարօտ Սերուժեան ներկայացուց «Անտառապահը Լիբանանի տարածքին» նիւթը: Ան բացատրեց, թէ ի՛նչպէս այսօր աշխարհը կենսոլորտի հետ կապուած մեծ խնդիրներ ունի, ըլլան անոնք ջերմացում, ապականում, որոշ անասուններու ոչնչացում, եւայլն: Լիբանանի պարագային, զարմանալի չէ որ կան մեծ խնդիրներ: Ըստ «Pollution…
