ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ «ՎԱՆԱՅ ՁԱՅՆ»ԻՆ
Չորեքշաբթի, 30 Մարտ 2011-ին, Լսարանական Միութեան Վարչութեան հրաւէրով «Վանայ Ձայն»ի տնօրէն Աւօ Կիտանեան այցելեց Ճեմարան եւ հանդիպում ունեցաւ Լսարանական Միութեան աշակերտութեան հետ։ Աւօ Կիտանեան խօսեցաւ Հ.Հ. Սփիւռքի Նախարարութեան կողմէ «Սփիւռքահայութեան Լաւագոյն Ռատիոկայան» ընտրուած «Վանայ Ձայն»ի 25 տարուան գործունէութեան մասին, ռատիոկայանը նկատելով հայապահպանման սատարող յոյժ կարեւոր լրատուական միջոց մը։…