Չորեքշաբթի, 19 Յունուարին, Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան այցելեցին Ջաւախքի հասարակական կազմակերպութիւններու խորհուրդի անդամ Արտակ Գաբրիէլեան եւ Արեւմտահայոց հարցերու կեդրոնի տնօրէն Հայկազ Ալվրցեան։ Հայրենի հիւրերը Ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեանի ընկերակցութեամբ շրջեցան դպրոցի զանազան բաժանմունքները, այցելեցին ՀՅ Դաշնակցութեան արխիւներու գրասենեակ եւ հանդիպում ունեցան պատմաբան Երուանդ Փամպուքեանի հետ, որմէ ետք իրենց այցելութիւնը աւարտեցին Լսարանական միութեան աշակերտութեան հետ դասախօսութիւն-զրոյցով։ Արտակ Գաբրիէլեան ներկայացուց պատմական Հայաստանի մէկ մասնիկը եղած, սակայն, 1921-էն ի վեր Վրաստանի մաս կազմող Ջաւախքի ներկայ պայմանները՝ յայտնելով, որ ջաւախքահայերը պետութեան կողմէ ճնշումներու կ՚ենթարկուին, հետեւաբար՝ կը գտնուին ընկերային եւ տնտեսական դժուարութիւններու մէջ, որոնց կ՚աւելնայ կրթական համակարգի խաթարումը՝ հայերէնի դասապահերու կրճատում, պատմութեան խեղաթիւրում եւ այս բոլորին իբրեւ հետեւանք երիտասարդութեան արտագաղթ: Ուսանողները ընդհանրապէս Հայաստան կը մեկնին եւ իրենց ուսումը աւարտելէ ետք Ջաւախքի մէջ իրենց առօրեայ գործունէութեան համապատասխան դաշտ չգտնելով չեն վերադառնար: Ջաւախքի ինքնավարութեան հարցը միշտ առկայ է, սակայն ցարդ ոչ մէկ դրական արդիւնք կայ։ Ժողովուրդը յամառ է եւ աշխատասէր, ամէն գնով կը պայքարի իր իրաւունքը պահելու համար։ Զեկուցումէն ետք Արտակ Գաբրիէլեան պատասխանեց աշակերտներուն հարցումներուն՝ շեշտելով Հայաստանի Հանրապետութեան կրաւորական վերաբերումը Ջաւախքի իրավիճակին նկատմամբ, ինչպէս նաեւ սփիւռք-Ջաւախք երիտասարդութեան շփման կարեւորութիւնը՝ փոխադարձ այցելութիւններով, խորհրդաժողովներով, փորձառութիւններ փոխանակելով։ Ան ըսաւ. «Դուք ունիք գաղութ պահելու խնդիր, ջաւախքցին ունի իր պատմական իրաւունքները պահելու հարց, փորձառութիւններ փոխանակելով օգտակար կ՚ըլլաք իրարու»։ Խօսք առաւ նաեւ Հայկազ Ալվրցեան՝ ներկայացնելով Արեւմտահայաստանի իրավիճակը այսօր։ Ան ըսաւ, որ համայն սփիւռքի եւ Արեւելահայաստանի բնակչութեան մէկ կարեւոր տոկոսը ծագումով արեւմտահայաստանցի է։ Մեր պատմութեան ամէնէն ողբերգական, միաժամանակ ամէնէն հերոսական էջերը պարունակող այս տարածքը մեզի համար շատ կարեւոր է։ Զանազան ուսումնասիրութիւններով մենք այսօր կը հաստատենք, որ Թուրքիոյ եւ Կիլիկիոյ մէջ կ՚ապրին հայեր, որոնք տարիներ շարունակ զուրկ եղած են մեր լեզուով արտայայտուելու, սորվելու եւ դաստիարակուելու իրաւունքէն՝ սահմանադրական օրէնքով, որ կ՚ըսէ՝ Թուրքիոյ բոլոր քաղաքացիները թուրք են։ Այդ հայերը բռնի իսլամացած՝ իբրեւ թուրք կամ քիւրտ ապրելու ստիպուած եղած են։ Իսլամացած հայութեան թիւը այսօր մինչեւ 4.5 միլիոնի կը հասնի։ Թաքուն կամ ծպտուած հայերուն վերաբերող մանրամասնութիւններ փոխանցելէ ետք Ալվրցեան աւելցուց, որ այսօր թուրքը Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան ձգտումով ստիպուած է փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ իր քաղաքականութիւնը որոշ փոփոխութիւններու ենթարկել։ Հետեւաբար, վերջին շրջանին Թուրքիոյ մէջ ստեղծուած են հայկական կազմակերպութիւններ, հայրենակցական միութիւններ։ Հիմա փոքրամասնութիւնները աւելի ազատ կ՚արտայայտուին։ Հայրենի հողին վրայ իբրեւ հայ կþուզեն ապրիլ։ Հետեւաբար անոնք մեր կարիքը ունին, իրենց յանցանքը չէ, եթէ բախտի ու պայմաններու բերումով իրենք այսօր այդպէս կ՚ապրին։ Դասախօսը նշեց, որ Հայ դատի պայքարը կը մղուէր չորս ուղղութիւններով՝ Հայաստան, Արցախ, Ջաւախք եւ սփիւռք, այսօր եկած է աւելնալու Արեւմտահայաստանը իր թաքուն հայերով. այսպիսով ամբողջացած բռունցք մը կազմուած է, որ պիտի շարունակէ պայքարը՝ հասնելով մինչեւ ամբողջական Հայաստան՝ ամբողջական հայութեամբ տեսլականին։ Աշակերտները մեծ հետաքրքրութեամբ ունկնդրեցին դասախօսին տեսակէտները, ապա ուղղեցին հարցումներ մասնաւորաբար Արեւմտահայաստան երթալ- չերթալու մասին. երկու կարծիք կար՝ ոմանք պատմական Հայաստան այցելելը Թուրքիոյ տնտեսութիւնը քաջալերող քայլ կը սեպեն, ուրիշներ կþուզեն երթալ եւ տեսնել իրենց հողերը։ Այս գծով Ալվրցեան կարեւոր նկատեց Արեւմտահայաստան այցելելը՝ ըսելով, որ մեր պապերուն հողին վրայ գտնուիլը, այդ հողը բռնելը եւ շօշափելը տարբեր հպարտութեամբ մը կը համակէ մեզ, անշուշտ այդ այցելութիւնը զբօսաշրջութեան նպատակով պէտք չէ ըլլայ։ Ան շեշտելով պատմական հայրենիք այցելելու եւ իսլամացած հայերուն օգնելու կարեւորութիւնը՝ եզրափակեց իր խօսքը ըսելով. «Ամրոցը երբեք դուրսէն չենք կրնար գրաւել, ներսէն եթէ օգնութիւն ըլլայ, համագործակցութեամբ աւելի դիւրին կը հասնինք մեր նպատակին, եւ հիմա ներսէն կայ այդ շարժումը»։
ՀԱՅՐԵՆԻ ՀԻՒՐԵՐ ԱՐՏԱԿ ԳԱԲՐԻԷԼԵԱՆ ԵՒ ՀԱՅԿԱԶ ԱԼՎՐՑԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՄԷՋ










