«Մենք յաղթեցինք…»
Հինգշաբթի, 26 Յունուար 2012-ին Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Հայ Դատի Մարմնի ներկայացուցիչ Վաչէ Ծատուրեան Ճեմարանի Լսարանական Միութեան աշակերտութեան ներկայացուց 23 Յունուար 2012-ին Ֆրանսայի ծերակոյտին կողմէ որդեգրուած օրէնքը։ Վաչէ Ծատուրեան ըսաւ, թէ օրէնքը յստակօրէն կը նշէ, որ կարելի չէ ժխտել որեւէ ցեղասպանութիւն, որ ճանչցուած է Ֆրանսական պետութեան կողմէ։ Ֆրանսա արդէն 2001-ին…
