ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Ճեմարանի Լսարանական Միութիւնը Չորեքշաբթի, 19 Սեպտեմբեր եւ Չորեքշաբթի 3 Հոկտեմբեր 2012-ին ընտրեց իր վարչութիւնը հետեւեալ ձեւով. -Ժ. դասարանէն՝ Նժդեհ Գարագաւորեան եւ Մելանի Քաժաքճեան -ԺԱ. գրականէն՝ Ալիք Գանտահարեան -ԺԱ. գիտականէն՝ Նարէ Աղասարգիսեան -ԺԲ. գրականէն՝ Նիկոլ Ալեքսանտրեան -ԺԲ. գիտականէն՝ Մայք Արապաղեան Մէկ շաբաթ ետք, Չորեքշաբթի 10 Հոկտեմբերին, աշակերտները ընտրեցին Լսարանական…

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ

Չորեքշաբթի, 18 Ապրիլ 2012-ին, տեղի ունեցաւ Լսարանական Միութեան տարեվերջի ընդհանուր ժողովը։ Երկրորդական դասարաններու աշակերտները արժեւորեցին Լսարանական Միութեան վարչութեան 2011-2012 տարեշրջանի ծրագիրն ու գործունէութիւնը։ Մեծամասնութեամբ իրագործուած են ծրագրին մէջ ընդգրկուած ձեռնարկները՝ Karaoke night, Լեւոն Շանթի մահուան 60 ամեակ, Ամանորի խրախճանք, Արցախեան ազատագրական պայքարին նուիրուած ձեռնարկ, ձիւնագնացութիւն։ Վարչութեան գանձապահ Խաժակ…

ՁԻՒՆԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ

3 տարի սպասելէ ետք, աւարտական դասարանի աշակերտներս վերջապէս առիթ ունեցանք դասընկերներով ձիւնագնացութեան երթալու՝ 15 եւ 16 Փետրուար 2012-ին, Mount Smash Club։ Մեզի ընկերակցեցան ուսուցչական կազմէն Պրն. Վաչէն, Տիկ. Շաղիկը, Օրդ. Ռանիան եւ հսկիչներ՝ Պրն. Վարդանն ու Տիկ. Ռոզինը։ Հազիւ հասանք, մեծամասնութիւնը մտաւ լողաւազան, ոմանք ուսումնասիրեցին համալիրին բոլոր սենեակները,…

ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՊԱՅՔԱՐԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՁԵՌՆԱՐԿ

Չորեքշաբթի, 15 Փետրուար 2012-ին, Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի Լսարանական Միութեան կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ Արցախեան պայքարին նուիրուած ձեռնարկ՝ Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան սրահին մէջ: Ձեռնարկի բացման խօսքը ընթերցեց Լսարանական Միութեան նախագահ Սարհատ Գեթսեմանեան, որ հակիրճ ձեւով ներկայացուց Արցախեան պայքարի նախապատմականը, որ կը սկսի պատմական «Հին Աղուանք»ի տարածքին, 1918-ին…

«Մենք յաղթեցինք…»

Հինգշաբթի, 26 Յունուար 2012-ին Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Հայ Դատի Մարմնի ներկայացուցիչ Վաչէ Ծատուրեան Ճեմարանի Լսարանական Միութեան աշակերտութեան ներկայացուց 23 Յունուար 2012-ին Ֆրանսայի ծերակոյտին կողմէ որդեգրուած օրէնքը։ Վաչէ Ծատուրեան ըսաւ, թէ օրէնքը յստակօրէն կը նշէ, որ կարելի չէ ժխտել որեւէ ցեղասպանութիւն, որ ճանչցուած է Ֆրանսական պետութեան կողմէ։ Ֆրանսա արդէն 2001-ին…

ԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԱՄԱՆՈՐԻ ԽՐԱԽՃԱՆՔԸ

Հինգշաբթի, 29 Դեկտեմբեր 2011-ի երեկոյեան ժամը 8։30-ին տեղի ունեցաւ Լսարանական Միութեան Ամանորի խրախճանքը, Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան սրահէն ներս, մասնակցութեամբ՝ Music People-ի։ Ընթրիքէն ետք, սկսաւ երգն ու պարը։ Խանդավառ մթնոլորտի մէջ աշակերտները ուրախ եւ հաճելի ժամեր անցուցին։ Անմոռանալի երեկոյ մըն էր մասնաւորաբար աւարտական դասարանի աշակերտներուս համար, որովհետեւ քանի մը…

ԼԵՒՈՆ ՇԱՆԹԻ ՄԱՀՈՒԱՆ 60 ԱՄԵԱԿ

29 Նոյեմբեր 1951-ին կը մահանայ Հայ Ճեմարանի հիմնադիրներէն Լեւոն Շանթ։ Չորեքշաբթի, 30 Նոյեմբեր 2011-ին «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ Լսարանական Միութիւնը նշեց մեծ հայուն ու մեծ մանկավարժին մահուան 60 ամեակը ներկայութեամբ միջնակարգի ու երկրորդականի աշակերտներուն եւ ուսուցիչներուն։ Ձեռնարկին բացման խօսքը կարդաց Լսարանական Միութեան նախագահ Սարհատ Գեթսեմանեան, ապա Թ….

KARAOKE

Ուրբաթ, 25 Նոյեմբեր 2011-ին, կազմակերպութեամբ Լսարանական Միութեան Վարչութեան, տեղի ունեցաւ Karaoke-ի երեկոյ մը։ Խանդավառ մթնոլորտի մէջ համեղ ճաշեր, karaoke, bingo եւ երաժշտութիւն ընդգրկող այս երեկոն աւարտեցաւ հայկական շուրջպարով։ Սեպուհ Թորիկեան ԺԲ. դասարան

ԴԷՊԻ ՏԻԳՐԱՆԱԿԵՐՏ

Չորեքշաբթի, 9 Նոյեմբեր 2011-ին Լսարանական Միութիւնը հիւրընկալեց Տիգրանակերտի Հայրենակցական Միութեան վարչութեան անդամ Կիրօ Մարտիրոսեան, որ ներկայացուց Միութեան կատարած ուխտագնացութիւնը դէպի Տիգրանակերտ՝ Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ օծման առթիւ, 22 Հոկտեմբեր 2011-ին։ Կ. Մարտիրոսեան նկարներու ցուցադրութեամբ աշակերտներուն ներկայացուց 7 խորան ունեցող Ս. Կիրակոս եկեղեցին, որ 1400 Քառ. Քմ. Տարածք ունի եւ…

ԳՐԻԳՈՐ ՊԼԸՏԵԱՆԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Չորեքշաբթի, 2 Նոյեմբեր 2011-ին Լսարանական Միութեան հիւրը եղաւ սփիւռքահայ գրագէտ Գրիգոր Պլըտեան, որ եղած է 1964-ի ճեմարանաւարտներէն։ Համալսարանական ուսումը սկսած է Լիբանան, ապա մեկնած է Ֆրանսա եւ ստացած փիլիսոփայութեան տոքթորա։ Պլըտեան խօսեցաւ հայագիտութեան կարեւորութեան մասին։ Ան նախ բացատրեց համալսարանական վկայականներու աստիճանները եւ անդրադարձաւ իր ամպիոնի, որ ստեղծուած է…

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Ճեմարանի Լսարանական Միութիւնը Չորեքշաբթի, 28 Սեպտեմբեր 2011-ին ընտրեց իր վարչութիւնը հետեւեալ ձեւով. -Ժ. դասարանէն՝ Շաղիկ Տէր Պետրոսեան եւ Սէրուժ Հանտեան -ԺԱ. գրականէն՝ Լալիկ Աղասարգիսեան -ԺԱ. գիտականէն՝ Սերժ Ղարիպեան -ԺԲ. գրականէն՝ Սեպուհ Թորիկեան -ԺԲ. գիտականէն՝ Խաժակ Գասպարեան Մէկ շաբաթ ետք, աշակերտները ընտրեցին Լսարանական Միութեան նախագահը։ Ընտրութիւնը վարեց Պրն. Վաչէ…

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ

Չորեքշաբթի, 14 Ապրիլին, տեղի ունեցաւ Լսարանական Միութեան այս տարեշրջանի ընդհանուր ժողովը։ Միութեան նախագահ Նժդեհ Մկրտիչեան կարդաց Լսարանական Միութեան այս տարուան ծրագիրն ու գործունէութիւնը ընդգրկող տեղեկատուն, ապա վարչութեան գանձապահ Պերճ Քերթեշեան ներկայացուց հաշուեկշիռը։ Լսարանականները առիթը ունեցան լուսաբանական հարցումներ ուղղելու եւ քննարկելու վարչութեան աշխատանքը։ Վարչութեան առաջարկով եւ մեծամասնութեան համաձայնութեամբ, վարչութեան…