«ԱՆԲԱՆ ՀՈՒՐԻՆ»

Հայրենի վաստակաշատ դերասան Սօս Սարգսեանի ծննդեան 80-ամեակին առիթով Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան կազմակերպած «Հայ թատրոնի ամսուան» ներկայացումներուն ծիրէն ներս, Ուրբաթ 1 Ապրիլին, տարրական բաժինի եւ նախակրթարանի աշակերտները ներկայ գտնուեցան Հրաչեայ Գասպարեանի բեմադրութեամբ Յովհաննէս Թումանեանի «Անբան Հուրին» թատերախաղի աշակերտական ներկայացումին: Աշակերտները մեծ հետաքրքրութեամբ ըմբոշխնեցին ներկայացումը։ Անոնք լաւատեղեակ էին Թումանեանի…

ՊԱՏՈՒԱՍՏՈՒՄ

Համագործակցութեամբ Գարակէօզեանի ու առողջապահական նախարարութեան եւ հսկողութեամբ դպրոցի հիւանդապահուհի Քրիստին Մխճեանի, Մարտ ամսուան ընթացքին տեղի ունեցան հետեւեալ պատուաստումները. -Պրկախտի (DT), հարսանիթի, գերմանական հարսանիթի եւ խուլականջի (MMR) պատուաստումները Զ. դասարանի աշակերտներուն։ -Մանկական անդամալուծութեան (polio) պատուաստումները մանկամսուրի, մանկապարտէզի, տարրական բաժինի եւ նախակրթարանի Դ. դասարանի աշակերտներուն։