ԶԱՏԻԿԸ ՆՈՐՍԻԿԵԱՆ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻՆ ՄԷՋ

Չորեքշաբթի, 31 Մարտ 2010-ին, մանկարպարտէզի կանաչ դասարանի աշակերտները ԺԲ. աւարտական դասարանին հետ Ճեմարանի քայլերգին երգեցողութեամբ մարզամշակութային օրուան բացումը կատարելէ ետք, վերադարձան Նորսիկեան մանկապարտէզ, ուր Մանկամսուրի եւ վարդագոյն ու կապոյտ դասարաններու աշակերտներուն հետ տօնեցին Ս. Զատիկը: Զատկուան տօնակատարութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ ծնողները: Փոքրիկները մեծ խանդավառութեամբ դիմաւորեցին օրուան հիւրերը՝ Նապաստակն…

ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՕՐ

Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանը այս տարի կը տօնէ իր հիմնադրութեան ութսունամեակը: Այս առիթով, Չորեքշաբթի 31 Մարտ 2010ը հռչակուեցաւ Ճեմարանի Մշակութային Օր: Ամբողջ օրուան ընթացքին, Ճեմարանի աշակերտութեան մասնակցութեամբ տեղի ունեցան հանդիսութիւններ (երգ, պար, թատրոն, ասմունք), խաղեր ու զուարճութիւններ, տօնական ուրախ մթնոլորտի մէջ: Ճեմարանի ներքին ձեռնարկներուն մասին քիչ…