ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՕՐ

Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանը այս տարի կը տօնէ իր հիմնադրութեան ութսունամեակը: Այս առիթով, Չորեքշաբթի 31 Մարտ 2010ը հռչակուեցաւ Ճեմարանի Մշակութային Օր: Ամբողջ օրուան ընթացքին, Ճեմարանի աշակերտութեան մասնակցութեամբ տեղի ունեցան հանդիսութիւններ (երգ, պար, թատրոն, ասմունք), խաղեր ու զուարճութիւններ, տօնական ուրախ մթնոլորտի մէջ: Ճեմարանի ներքին ձեռնարկներուն մասին քիչ կը լսենք, թէեւ անոնք այնքան շատ են, որ կրնան շաբաթական տեղ գրաւել մամլոյ էջերուն մէջ: «Գործն է կարեւոր»,- ըսաւ Ճեմարանի գործադիր տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան, երբ իրեն հարց տրուեցաւ, թէ ինչո՛ւ դպրոցին բոլոր ձեռնարկներուն մասին չի յայտարարուիր: Այս անգամ, կարելի չէ չխօսիլ, չգրել ու չարտայայտուիլ, երբ ճեմարանի աշակերտները Հայ Մշակոյթը կենդանացուցին Անթիլիասի Ծաղկաձորի բլուրին վրայ: Կարծէք Հայաստանի Ծաղկաձորէն կը լսուէին այդ եղանակները, երգերը, ասմունքները…: Այդ ձայներուն հետեւողը կը հասնէր «Տօքթ. Ատրինէ Գարագաշեան մարզամշակութային սրահ», որուն մուտքին ցուցադրուած էին Զ. դասարաններու աշակերտներու կողմէ պատրաստուած գրքոյկներ: Իւրաքանչիւր աշակերտ իր հայեցողութեամբ ներկայացուցած էր իր 80 ամեայ դպրոցը՝ գրութիւններով ու պատկերներով: Եռոտանիներ զետեղուած էին սրահին մէկ այլ անկիւնը, ուր արուեստագէտ աշակերտներ գեղարուեստական յայտագրին ընթացքին կը գծէին Մասիսը, հայ յեղափոխականը, հայ Ֆետային…: Հայ Մշակոյթի բոլոր մարզերը կը կիրարկուէին այդտեղ: Օրուան առաջին կիսուն, երկու հանգրուանով տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիրը, որ կ\\\’ընդգրկէր հայկական երգ, ասմունք, հայկական պար ու նուագ: Լեւոն Շանթի, Նիկոլ Աղբալեանի, Մուշեղ Իշխանի, Յովհաննէս Շիրազի, Սիլվա Կապուտիկեանի, Արամ Խաչատուրեանի, Կոմիտասի, Արա Գէորգեանի եւ դեռ շատ ուրիշ հայ մտաւորականներու ու արուեստագէտներու գործերուն կատարողութեամբ՝ Ճեմարանի աշակերտները պանծացուցին տարեդարձը Հայ Ճեմարանին: Գեղարուեստական բաժնի երկրորդ հանգրուանին իր մասնակցութիւնը բերաւ Մեթնի գաւառապետի տեղակալ Մարլէն Հատտատ, որ յուզուած իր սրտի խօսքը փոխանցեց աշակերտներուն եւ շնորհաւորեց Ճեմարանի 80 ամեակը: Ճաշէն ետք, օրուան երկրորդ կիսուն, տօնակատարութիւնը շարունակուեցաւ ամէն տարիքի յարմար խաղերով ու մրցանքներով: Աշակերտներուն խանդավառութիւնն ու երջանկութիւնը աննկարագրելի էր: Անոնք անգամ մը եւս հաստատեցին, որ հայրենիքէն հեռու, հայապահպանման մտահոգութեամբ հիմնուած եւ 80 տարիներ բոլորած այս օճախը տակաւին չէ ծերացած, այլ աւելի թարմացած է ու նոր շունչ ստացած՝ քայլ պահելով արդիականացման բոլոր երեւոյթներուն հետ, բայց մի՛շտ հիմնուելով էականին՝ հայկականին վրայ: Ճեմարանի Մշակութային Օրուան իրագործման իր ներդրումը բերաւ Ճեմարանի ամբողջ ընտանիքը՝ տնօրէնութիւնը, ուսուցչակազմը, անձնակազմը, շրջանաւարտներ եւ աշակերտներ: Վարձքը կատա՛ր բոլորին: 80րդ տարեդարձդ շնորհաւո՛ր Ճեմարան: Ստորեւ՝ գեղարուեստական յայտագրին մանրամասնութիւնները. Ա մաս 1.- Ճեմարանի Քայլերգ Կանաչ եւ ԺԲ դասարաններ 2.- Սրտի խօսք – Ալիք Գանտահարեան, Նարօտ Խտըրլարեան, Սէրուժ Հանտեան, Նարէ Աղասարգիսեան. Ը դասարան 3.- «Նաղաշի ճառը» բեմականացում – Նազօ Գէորգեան. ԺԲ դասարան 4.- Պար՝ «Մայրօ» – Սապին Աճեմեան, Սանան Գանտահարեան, Գարինա Հանսքեհեան, Օրօր Աղասարգիսեան, Վիռնա ՔէօՖթէեան, Մարիա Մանկասարեան, Սարին Պաճաքեան, Փաթիլ Չիվեան 5.- Ասմունք՝ «Գարուն» – Առաջին դասարան 6.- Ասմունք՝ «Հայ Լեզուն Տունն է Հայուն» Մ. Իշխան – Սէրուժ Յովսէփեան. Ե դասարան 7.- Ասմունք՝ «Խօսք իմ որդուն» Ս. Կապուտիկեան – Արզնի Արսլանեան.Ե դասարան 8.- Նուագ՝ սրինգ. «Օրօր իմ բալա» – Նանի Գալուստեան. Դ դասարան 9.- Նուագ՝ Դաշնամուր. «Նունէին» – Մարլինա Քէշիշեան. Ժ դասարան 10.- Պար – Գաւառական – Արա Գէորգեան – Դ դասարան 11.- Ասմունք՝ «Լեզուն որով գրեցի» Վ. Թէքէեան – Նարօտ Սէրուժեան. Ե դասարան 12.- Ասմունք՝ «Կտակ» Յ. Շիրազ – Ճոյ Պասսուս. Ե դասարան 13.- Երգ՝ «Նոր Պար» Արին եւ Կարին Պաղտիկեաններ. Թ դասարան 14.- Ասմունք՝ «Ես պատրանքը սիրեցի» Լ.Շանթ – Անի Անտոնեան. Թ դասարան 15.- Նուագ՝ Ջութակ. «Ալ Այլուղս» Մշակում Կոմիտաս – Արին Թաշճեան. Ե դասարան 16.- Ասմունք՝ \\\”Le mont Ararat\\\” Ա. Իսահակեան – Գ դասարան 17.- Նուագ՝ Դաշնամուր. «Օրօր» Ա Խաչատուրեան – Նարէ Աղասարգիսեան. Ը դասարան 18.- Ասմունք՝ «Աչքեր» Մ. Իշխան – Սարին Սիւփիւրկէճեան – Հրակ Արապաղեան. Ը դասարան 19.- Ասմունք՝ «Eloge de l\\\’Armռnie»– Թալին Քերթէշեան – Գարին Տէյիրմենճեան. Թ դասարան 20.- Պար՝ «Եարխուշտա» եւ «Ծաղկազարդ» – Արեւիկ Փափազեան, Անտրէա Գաժաքճեան, Ռիթա Ֆերմանեան, Գալին Մկրտիչեան, Սեպուհ Թորիկեան, Գուրգէն Փափազեան, Նժդեհ Գարագաւորեան, Կարօ Գլպոզեան. 21.- Ասմունք՝ «Գնչուի վրանը» Մ. Իշխան – Կարին Պարսումեան. Ը դասարան 22.- Նուագ՝ Դաշնամուր. «Կախարդական սրինգ» – Բալիկ Միքայէլեան. ԺԱ դասարան 23.- Ասմունք՝ «Ես Մասիսը չտեսայ» Մ. իշխան – Սարհատ Հանտեան – Ալիք Մեսրոպեան – Սեւանա Պոյաճեան. Զ դասարան 24.- Ասմունք՝ «Anouch Yerevan » Սոնիա Նիկոլեան – Հուրի Զոհրապեան, Արին Պուչաքճեան, Դալար Թապուճեան, Սարին Սիւփիւրկէճեան, Սելին Գասարճեան, Մաթիան Փայլեան. Ը դասարան 25.- «Հայրենասիրական երգերու շարան»՝ Նախակրթարան Բ մաս 1.- Նազ պար՝ Արամ Խաչատուրեան – Ա դասարան 2.- Ասմունք՝ «Գարուն» Աթաբեկ Խնկոյեան եւ «Երբ քալեցի» Արմենակ Գրաճեան – Բ դասարան 3.- Ասմունք՝ « Մեր լեզուն» Համօ Սահեան եւ «Մեսրոպ Մաշտոցին» Խաչիկ Դաշտենց- Գ դասարան 4.- Երգ՝ «Իմ փոքրիկ նաւակ», «Ղարաբաղի Բալիկն ենք», «Անուշ խաղող»-Գ դասարան 5.- Պար՝ Արա Գէորգեան – Զ. դասարան 6.- Պար՝ «Մոկաց հարսներ» Սապին Աճեմեան, Սանան Գանտահարեան, Գարինա Հանսքեհեան, Օրօր Աղասարգիսեան 7.- Ասմունք՝ «Վեր» Լ.Շանթ – Արին Պուչաքճեան. Ը դասարան 8.- Ասմունք՝ «Գիշերապահ» Լ. Շանթ – Սէրուժ Հանտեան. Ը դասարան 9.- Նուագ՝ Դաշնամուր. «Գարունա» Կոմիտաս – Բալիկ Արոյեան. ԺԱ դասարան 10.- Նուագ՝ Դաշնամուր. «Նազպար» Թորոս Ալագեազ. Ժ դասարան 11.- Երգ՝ «Զինուորի երգը» .Վարանդա Եագուպեան, Նարէ Սալորեան եւ Էտի Ռումուլեան. + Նուագ՝ Նարէ Նոխուտեան, Լոռի Աբրահամեան, Հրակ Գարագաշեան. ԺԱ դասարան 12.- Նուագ՝ կիթառ. «Օրօր իմ Բալա» – Հրակ Գարագաշեան. ԺԱ դասարան 13.- Նուագ՝ Ջութակ. «Մեղեդիներից» Սայաթ Նովա . Դալար Մանճեան, Նարօտ Յարութիւնեան, Հրակ Խաչիկ Տէմիրճեան, Քրիստ Ատուրեան, Կարէն Պօղոսեան 14.- Նուագ՝ Դաշնամուր. «Քոչարի»ժողովրդային մշակում, Խոսրովեան – Լիանա Փափազեան. Ե դասարան 15.- Նուագ՝ Դաշնամուր. «Etude» Ա. Խաչատուրեան – Մանէ Պասմաճեան. Ե դասարան 16.- Նուագ՝ Կիթառ. «Զարթի՛ր Որդեակ» – Սէրուժ Կիտանեան – Հրակ Գարամինասեան.Ը դասարան 17.- Ասմունք՝ «Մօր սէրը» Ա. Իսահակեան – Յակոբ Թաշճեան. Ե դասարան 18.- Պար՝ – Կի Մանուկեան. Գ դասարան 19.- Ասմունք՝ «Ձեռք ձեռքի» Մ. Իշխան – Սեւակ Պէքէրեճեան. Ը դասարան 20.- Ասմունք՝ «Amour de la patrie» Խ.Աբովեան – Դ դասարան 21.- Նուագ՝ Դաշնամուր. «Հո՛յ Նազան», մշակում Ռոպերթ Պետրոսեան – Արենի Խաչատուրեան. Ե դասարան 22.- Նուագ՝ Դաշնամուր. «Զանգեզուր» – Գօգօ Գապաքեան. Ը դասարան 23.- Նուագ՝ Դաշնամուր. «Կիւմրիի կլոր պար» Նիկողոս Տիգրանեան – Մեղրի Մեսրոպեան. Ը դասարան 24.- Երգ՝ «Քո ճամբան» Ռուբէն Հախվերտեան – Սանահին Գասապեան.ԺԲ դասարան 25.- Նուագ՝ Դաշնամուր «Նազան Եար» – Կարօ Գրիգորեան. Գ դասարան 26.- Նուագ՝ Դաշնամուր. «Մեղեդի» Առնօ Պապաճանեան – Գարլա Օհաննէսեան. Է դասարան 27.- Աշուղական երգերու շարան՝ Սայաթ Նովա. Նախակրթարան 28.- «Սասնոյ պար» – Շաղիկ Տէր Պետրոսեան, Ալիք Գանտահարեան, Փաթիլ Գէորգեան, Մեղրի Մեսրոպեան, Կալի Խիւտավերտեան, Սանան Խաչերեան, Արին Պուչաքճեան, Կայա Գարամինասեան