ԶԱՏԻԿԸ ՆՈՐՍԻԿԵԱՆ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻՆ ՄԷՋ

Չորեքշաբթի, 31 Մարտ 2010-ին, մանկարպարտէզի կանաչ դասարանի աշակերտները ԺԲ. աւարտական դասարանին հետ Ճեմարանի քայլերգին երգեցողութեամբ մարզամշակութային օրուան բացումը կատարելէ ետք, վերադարձան Նորսիկեան մանկապարտէզ, ուր Մանկամսուրի եւ վարդագոյն ու կապոյտ դասարաններու աշակերտներուն հետ տօնեցին Ս. Զատիկը: Զատկուան տօնակատարութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ ծնողները: Փոքրիկները մեծ խանդավառութեամբ դիմաւորեցին օրուան հիւրերը՝ Նապաստակն ու Աքլորը, երգեցին ու պարեցին անոնց ընկերակցութեամբ, ապա բոլորը ուղղուեցան պարտէզ, ուր տեղի ունեցաւ հաւկթախաղը: Փոքրիկները սեղաններու շուրջ բոլորուած հաւկիթ խաղացին եւ կերան իրենց պատրաստած չէօրէկը: