ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

100% ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆ ՊՐԷՕՎԷԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ՔՆՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի տնօրէնութիւնը ուրախութեամբ կը յայտնէ, որ 2015-2016 տարեշրջանի Պրէօվէի պետական քննութիւններուն Թ. դասարանի 30 աշակերտները յաջողած են 4 շատ լաւ եւ 10 լաւ յիշատակութեամբ: Ստորեւ աշակերտներուն անուանացանկը. Տեքէրմենճեան Սթեֆանի, Տէյիրմենճեան Սելին, Յակոբեան Փաթիլ, Քիւրքճեան Նարէ, Մերտխանեան Նարօտ (շատ…

ՆՈՐՍԻԿԵԱՆ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍ

Ուրբաթ, 10 Յունիս 2016-ի երեկոյեան ժամը 7։00-ին տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի Նորսիկեան Մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահէն ներս, ներկայութեամբ Ճեմարանի անձնակազմին, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան, Ճեմարանի խնամակալութեան, ծնողներու, բարեկամներու եւ շրջանաւարտներու։ Մանկապարտէզի փոքրիկները իրենց պարերով, երգերով ու մանկական պատգամներով ելոյթ ունեցան եւ…

ՆԱՐՕՏ ՍԵՐՈՒԺԵԱՆ՝ ԵՐԿՐՈՐԴ

Ուրբաթ, 27 Մայիս 2016-ին տեղի ունեցաւ Հ.Յ.Դ. ԼԵՄ-ի կեդրոնական վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբին կազմակերպած միջ-դպրոցական ասմունքի եւ շարադրութեան մրցումներու պարգեւատրումը։ Կը շնորհաւորենք ԺԱ. դասարանէն Նարօտ Սերուժեանը, որ երկրորդ հանդիսացաւ ասմունքի մրցանքին:

ԻՒՐԱՅԱՏՈՒԿ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ ՄԸ

Մենք՝ 6-րդ դասարանի աշակերտներս, տարուան սկիզբը Պատմութիւն-Աշխարհագրութիւն (Histoire-Géographie) դասի պահուն սորվեցանք, որ Պատմութիւնը գիտութիւն է (հեքիաթ չէ) եւ պատմաբանին գործը տարբեր ձեւի եւ տեսակի աղբիւրներ ուսումնասիրելն է, ինչպէս՝ հին մատեաններ, հին շինութիւններ, արխիւներ, ինչպէս նաեւ՝ առօրեայ գործածուող հին օրերու իրեր: Մեզ շատ հետաքրքրեց այս վերջին բաժինը, եւ մեզմէ…

ՄԱՆԿԱՄՍՈՒՐԻ ՄԱՆԿԱՎԱՐԺԱԿԱՆ ՕՐ

Ուրբաթ, 20 Մայիս 2016-ին, տեղի ունեցաւ մանկամսուրի անձնակազմին մանկավարժական կազմաւորումի օրը: Կազմաւորումը ընթացաւ երեք հանգրուանով. Նախ, ուղղավարժ (orthopédagogue) Օրդ. Արազ Քալաշեան բացատրեց Մարիա Մոնթեսորիի հիմնած դպրոցին սկզբունքները, ուր շեշտը կը դրուի զգայարանքներով շրջապատը ընկալելու կարեւորութեան վրայ: Այս ձեւը մեծապէս կը նպաստէ մանուկներու լեզուական աճին եւ հոգեշարժիչ հմտութիւններու (psychomotricité)…

ՄԱՆԿԱՄՍՈՒՐԻ ԱՌՕՐԵԱՅԷՆ

Մանկամսուրի նորանոր աշխատանքները կ’ընդգրկեն montessori-ի զգայարանները զարգացնելու վարժութիւններ եւ խաղեր: Կեցցե՛ն մեր հինգ զգայարանները: