ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ

Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան գրասենեակի պատասխանատու Արին Գալուստեան Աւարտական դասարանի աշակերտներուն ներկայացուց հետեւեալ ծրագիրները. -2009-ին հիմնուած Զոհրապ Պոսնոյեան կրթաթոշակի հիմնադրամը, որ համալսարանական կրթաթոշակներ կը յատկացնէ այն աշակերտներուն, որոնք շրջանաւարտներն են Արսլանեան Ճեմարանին եւ որոնք ունին դպրոցական լաւ արդիւնքներ, նկարագրային արժանիքներ եւ միեւնոյն ժամանակ կը կարօտին նիւթական օժանդակութեան: http://www.hamazkayin.com/news/bosnoyan/  …

ՃԵՄԱՐԱՆԸ ՅԱՂԹԱԿԱՆ «ՖՈՒԹՍԱԼ»Ի ՄՐՑԱՇԱՐՔԻՆ

Երկուշաբթի, 6 Փետրուար 2017-ին, Ճեմարանի  «ֆութսալ»ի խումբը մասնակցեցաւ «Université Libano-Française»-ի կազմակերպած «ֆութսալ»ի մրցաշարքին: Ճեմարանի խումբը յաղթեց «S. Rosaire» դպրոցին եւ անցաւ 1/16 հանգրուան: Կոլերը նշանակեցին Հայկ Աւետիս (2), Վարագ Կայծ Չաքըրեան եւ Քրիստ Բրուտեան: Յաջորդ խաղը տեղի պիտի ունենայ 23 Փետրուար 2017-ին, ժամը 4:30-ին, ընդդէմ Սաժէս Էշրէֆիէի, Մոնթանա…

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՊԱՏՄԱԲԱՆ ԵՐՈՒԱՆԴ ՓԱՄՊՈՒՔԵԱՆԻՆ

«Գրելու արուեստը» բնաբանի ծիրէն ներս, Չորեքշաբթի, 1 Փետրուար 2017-ին, նախակրթարանի Դ. դասարանի աշակերտները իրենց հայերէն լեզուի ուսուցչուհիին ընկերակցութեամբ այցելեցին պատմաբան Երուանդ Փամպուքեանի գրասենեակը: Աշակերտները տեսան մատեաններ եւ ձեռագիր գիրքեր 1500 թուականէն: Երուանդ Փամպուքեան իրենց բացատրութիւններ տուաւ «մեսրոպեան երկաթագիր» տառերուն, ծաղկողներուն, մանրանկարչութեան, տառերու տեսակներուն, ինչպէս նաեւ թուղթերու որակին մասին:…

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ «ԲԱԳԻՆ»Ի ԽՄԲԱԳՐԱՏՈՒՆ

Երկուշաբթի, 30 Յունուար 2017-ին, ԺԲ. գրական դասարանի աշակերտներս այցելեցինք «Բագին» գրական հանդէսի խմբագրատուն, ուր հանդիպում ունեցանք «Բագին»ի փոխխմբագիր Նորա Բարսեղեանի հետ: Ան նախ անդրադարձաւ 1960-ական տարիներուն Միջին Արեւելքի մէջ գրական բեմի մը անհրաժեշտութեան, ապա՝ Հ. Յ. Դ. 16-րդ Ընդհանուր Ժողովին որոշումով «Բագին»ի առաջին թիւին հրատարակութեան՝ 1962 Յունուարին: Նորա…

Հ.Մ.Ը.Մ. ԼԵՎԱՄ – ՃԵՄԱՐԱՆԸ ԱՌԱՋԻՆ՝ ՓԻՆԿ-ՓՈՆԿԻ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԽՄԲԱՅԻՆ ԴԱՍԱՒՈՐՄԱՆՄԷՋ

Կիրակի 29 Յունուար 2017-ին, տեղի ունեցան Հ.Մ.Ը.Մ.ի ԼԵՎԱՄ-ի կազմակերպած փինկ-փոնկի մրցումները, Աղբալեան Հ.Մ.Ը.Մ. մարզամշակութային համալիրի, «Սերժ Թովմասեան» սրահէն ներս: Մրցբւմներու աւարտին, 33 կէտ ապահովելով, Ճեմարանը հանդիսացաւ առաջին՝ փինկ-փոնկի վարժարաններու խմբային դասաւորման մէջ: Ստորեւ Ճեմարանի աշակերտներուն ապահոված արդիւնքները.-   2005 / 2006 –ի ծնունդ աղջիկներ՝ Արին Հանաշեան (երկրորդ), Սարին…