ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ 170000 ՏՈԼԱՐ՝ Մ. ԵՒ Հ. ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆԻՆ Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի քսանհինգամեակի ձեռնարկներու շարքը փակուեցաւ շքեղ ճաշկերոյթով մը, Ուրբաթ 9 Մայիս 2014ի երեկոյեան, Four Seasons պանդոկի սրահին մէջ: Ճաշկերոյթին ներկայ եղան Լիբանանի Թեմի առաջնորդ Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան, Հայաստանի հանրապետութեան դեսպան Աշոտ Քոչարեան, Նախարար…

«ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ» ՍՐԱՀԻ ԲԱՑՈՒՄ

Հինգշաբթի, 8 Մայիս 2014-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Ճեմարանի գրադարանին մէջ բացումը կատարուեցաւ գրադարանի սենեակներէն մէկուն, որ կոչուեցաւ «Յովհաննէս Մանուկեան» սրահ: Ձեռնարկին ներկայ էին Մանուկեանի հարազատներէն` Պաղտասար Քուքճեան եւ Սիլվա Գարավարդանեան, ինչպէս նաեւ` Համազգայինէն եւ Ճեմարանի անձնակազմէն անդամներ: Մանրամասնութիւնները կարդալ այստեղ:

Թ. ԴԱՍԱՐԱՆԻ ԴԱՍԵՐՈՒ ԱՒԱՐՏ

Չորեքշաբթի, 7 Մայիս 2014-ին, միջնակարգի Թ. դասարաններու աշակերտներուն դպրոցական տարեշրջանը աւարտեցաւ։ Կէսօրուան ժամը 1։00-ին, աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ այցելեցին Նորսիկեան մանկապարտէզի պարտէզը, ուր միասնաբար ճաշեցին։ Հաճելի ժամ մը անցընելէ ետք, աշակերտները մեկնեցան դպրոցէն՝ պատրաստուելու համար պետական քննութիւններուն։ Յաջողութիւն կը մաղթենք բոլորին։