ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ 170000 ՏՈԼԱՐ՝ Մ. ԵՒ Հ. ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆԻՆ Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի քսանհինգամեակի ձեռնարկներու շարքը փակուեցաւ շքեղ ճաշկերոյթով մը, Ուրբաթ 9 Մայիս 2014ի երեկոյեան, Four Seasons պանդոկի սրահին մէջ: Ճաշկերոյթին ներկայ եղան Լիբանանի Թեմի առաջնորդ Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան, Հայաստանի հանրապետութեան դեսպան Աշոտ Քոչարեան, Նախարար Արթիւր Նազարեան, նախկին ու ներկայ նախարարներ ու երեսփոխաններ, կուսակցական, ազգային եւ միութենական մարմիններու ներկայացուցիչներ, բարերար ազգայիններ եւ Ճեմարանի բազմաթիւ բարեկամներ: Ճաշկերոյթի սկիզբը խօսք առնելով, Ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան յիշեցուց, որ Մայիս 9 Շուշիի ազատագրութեան տարեդարձն է եւ Ճեմարանի քսանհինգամեակը կը նշենք հայ ժողովուրդի այդ փառաշուք յաղթանակի մթնոլորտին մէջ: Ապա ներկայացնելէ ետք Ճեմարանի փայլուն յաջողութիւնները, շեշտեց որ դպրոցը անհրաժեշտաբար կարիքը ունի օժանդակութեան, որպէսզի բարձրորակ ուսումը եւ հայեցի դաստիարակութիւնը մատչելի ըլլան անխտիր բոլորին՝ հարուստին, բարեկեցիկին ու կարիքաւորին: Ճաշկերոյթի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը, նուագով, երգով ու ասմունքով: Կատարուած հանգանակութենէն գոյացաւ աւելի քան 170 000 ամերիկեան տոլար: Ճեմարանի տնօրէնութիւնը սրտագին շնորհակալութիւն կը յայտնէ բոլոր նուիրատուներուն: Տնօրէնութիւն