ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ST. JUDE ԿԵԴՐՈՆԷՆ

Չորեքշաբթի, 27 Փետրուար 2013-ին, Children’s Cancer Center – St. Jude Կեդրոնէն Մամտուհ Նուրի եւ Մարիա Մամլուք այցելեցին Ճեմարան եւ նախակրթարանի ու միջնակարգի աշակերտներուն ներկայացուցին Կեդրոնը՝ տեսերիզով մը։ Աշակերտները հարցումներ ուղղեցին եւ լաւապէս ծանօթացան Կեդրոնի հսկայական աշխատանքներուն։ St. Jude Կեդրոնը կ՚ընդունի քաղցկեղէ վարակուած փոքրիկները մինչեւ 18 տարեկան՝ բոլորովին ձրի։…

ՁԻՒՆԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ

Ուրբաթ, 1 Մարտ 2013-ին, միջնակարգի աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ գացին ձիւնագնացութեան՝ դէպի Ֆարայա եւ Այուն Սիման։ Թէեւ օդը պայծառ չէր, սակայն աշակերտներուն խանդավառութիւնը ջերմացուց մթնոլորտը։ Աշակերտները ճաշեցին Հրաժէլի Mount Smash club-ին մէջ եւ վերադարձան դպրոց ժամը 2։00-ին։