ՀԱՅՐԵՆԻ ԵՐԳՉՈՒՀԻ ՔՐԻՍՏԻՆԷ ՊԵՊԵԼԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Ուրբաթ, 10 Դեկտեմբեր 2010-ին, հայրենի երգչուհի Քրիստինէ Պեպելեան այցելեց Ճեմարան։ Ան ծանօթացաւ անձնակազմին, շրջեցաւ դպրոցի զանազան բաժինները՝ Կաղանդի պազար, մանկապարտէզ, կարգ մը դասարաններ եւ երգեց աշակերտներուն հետ։

ԽՈՀԱԳԻՐԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ

Դ. դասարաններու աշակերտները ֆրանսերէն լեզուով խոհագիրի պատրաստութեան մասին դաս մը սորվելէ ետք, ունկնդրեցին նշեալ նիւթին առնչուող պատմութիւն մը։ Հինգշաբթի, 9 Դեկտեմբերին, իւրաքանչիւր աշակերտ բերաւ պանիրի տեսակ մը։ Զբօսանքին, Դ. դասարաններու աշակերտները իրենց ֆրանսերէն լեզուի ուսուցչուհիին ընկերակցութեամբ ծանօթացան պանիրեղէններուն ու համտեսեցին զանոնք։

ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ՊԱԶԱՐ

Կազմակերպութեամբ Ճեմարանի Ծնողական Խորհուրդին, «Նոր Տարուան Պազար»ի բացումը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի 8 Դեկտեմբեր, 2010-ի առաւօտեան ժամը 10։00-ին, «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ: Բացման հանդիսութեան մասնակցեցաւ Հրաչ Կայծակեան, որուն ընկերակցեցան աւարտական դասարանի աշակերտները շուրջպարով եւ խանդավառեցին ներկաները: Պազարին գեղարուեստական ելոյթներով իրենց մասնակցութիւնը բերին մանկապարտէզի եւ տարրական բաժինի բոլոր աշակերտները,…