ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՊԱՀԵՐ

Տարրականի Ա. եւ Բ. դասարաններու դասացուցակին վրայ այս տարի աւելցած են ֆրանսերէն եւ արաբերէն լեզուներով պատմութեան պահեր՝ իւրաքանչիւրը շաբաթական մէկ պահ, որուն ընթացքին ուսուցիչը գլխաւոր նիւթի մը շուրջ պատմութիւն մը ներկայացնելէ ետք, աշակերտներուն հետ պիտի զրուցէ տուեալ նիւթին մասին։ Այսպիսով աշակերտները առիթը պիտի ունենան արտայայտուելու նաեւ օտար լեզուներով…

ՏԱՐՐԱԿԱՆ ԲԱԺԻՆԻ «ՆՈՐ ԲՆԱԿԻՉՆԵՐԸ»

Տարրական բաժինի «նոր բնակիչները»՝ Ա. դասարանի աշակերտները, շուտով ընտելացան նոր միջավայրին։ Անոնք այժմ ունին տարբեր ձեւի գրասեղաններ, դասարաններ, մեծ ու ընդարձակ խաղավայր, նոր ուսուցիչներ…։ Վերամուտի առաջին շաբաթը Ա. դասարանի աշակերտները ուրախ-զուարթ դպրոց երթալ-գալէ ետք, Ուրբաթ օր բաժնուեցան ուսուցիչներէն իրենց հետ տանելով «Ես կը սիրեմ Ճեմարանը» գրչատուփերը։

ՎԵՐԱՄՈՒՏԻ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի 2010-2011 տարեշրջանի վերամուտը տեղի ունեցաւ ինչպէս միշտ հանգրուանային ձեւով: Սեպտեմբեր 15-ին երկրորդական բաժինի, ինչպէս նաեւ միջնակարգի Թ. դասարանի աշակերտները արդէն իսկ վերադարձան դպրոց: Սեպտեմբեր 20-ին ամբողջացաւ միջնակարգի վերամուտը: Երկուշաբթի 4 Հոկտեմբերին, արդէն Մ.եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի դպրոցական կեանքը աւելի բնականոն դարձաւ տարրական բաժինի…

«ՀԱՅ ԱՍՊԵՏ-ՍՓԻՒՌՔ» ՏԵՍԵՐԻԶԻ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Ուրբաթ, 1 Հոկտեմբեր 2010-ին միջնակարգի բոլոր աշակերտները եւ երկրորդականի Ժ. դասարանի աշակերտները դիտեցին «Հայ Ասպետ-Սփիւռք» մրցոյթի տեսերիզը: Տեսերիզի ցուցադրութենէն առաջ, մրցոյթին մասնակցած աշակերտները խօսք առին եւ իրենց փորձառութիւնը, զգացումներն ու տպաւորութիւնները փոխանցեցին ներկաներուն, մաղթելով որ ուրիշներ եւս յառաջիկայ տարիներուն առիթը կ’ունենան մասնակցելու այսպիսի օգտաշատ ու դաստիարակիչ նախաձեռնութեան մը:…