ՆՈՐՍԻԿԵԱՆ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍ

Ուրբաթ, 6 Յունիս 2014-ի երեկոյեան ժամը 7։00-ին տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի Նորսիկեան Մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահէն ներս, ներկայութեամբ Ճեմարանի անձնակազմին, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան, Ճեմարանի խնամակալութեան, ծնողներու, բարեկամներու եւ շրջանաւարտներու։ Վարդագոյն, կապոյտ եւ կանաչ դասարաններու 134 աշակերտները իրենց պարերով, երգերով ու…

ՊԵՏԱԿԱՆ ՔՆՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԿԸ ՅԵՏԱՁԳՈՒԻՆ ՀԻՆԳ ՕՐՈՎ

Թ. դասարանի աշակերտներէն կը խնդրուի Հինգշաբթի, 5 Յունիս 2014-ին ներկայանալ դպրոց եւ բաժնի պատասխանատուէն ստանալ պրէօվէի իրենց քարտերը: ԺԲ. դասարանի աշակերտներէն կը խնդրուի Երկուշաբթի, 9 Յունիս 2014-ին ներկայանալ դպրոց եւ քարտուղարութենէն ստանալ պաքալօրէայի իրենց քարտերը:

ՀԱՃԵԼԻ ՊԱՀԵՐ ՊԱՐՏԷԶԻՆ ՄԷՋ

Մայիս ամսուան աւարտին, Նորսիկեան մանկապարտէզի կապոյտ եւ կանաչ դասարաններու աշակերտները հաճելի եւ մտերմիկ պահեր անցուցին բնութեան գիրկը: Փոքրիկները մեծ ուրախութեամբ միասնաբար ճաշակեցին իրենց բերած քաղցրեղէնները: Այդ օր, անոնք իրաւունք ունէին դպրոց բերելու ընդհանրապէս «արգիլուած ուտելիքներ»: