ՆՈՐՍԻԿԵԱՆ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍ

Ուրբաթ, 6 Յունիս 2014-ի երեկոյեան ժամը 7։00-ին տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի Նորսիկեան Մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահէն ներս, ներկայութեամբ Ճեմարանի անձնակազմին, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան, Ճեմարանի խնամակալութեան, ծնողներու, բարեկամներու եւ շրջանաւարտներու։ Վարդագոյն, կապոյտ եւ կանաչ դասարաններու 134 աշակերտները իրենց պարերով, երգերով ու մանկական պատգամներով ներկայացուցին փոքրիկ իշխանին պատմութիւնը: Մանկապարտիզպանուհի Թալին Եահնիեան ողջունեց ներկաները եւ ըսաւ. «Այս տարի, մեր աշակերտները պիտի ներկայացնեն պատմութիւնը փոքրիկ իշխանին, որ պիտի երթայ մոլորակէ-մոլորակ ընկեր մը փնտռելու: Այս տարուան հանդէսը ինծի համար տարբեր իմաստ ունի: Տարիներ առաջ, ես երբ մանկապարտէզի աշակերտ էի, Տիկ. Լուսինին եւ Տիկ. Գարմէնին հետ մասնակցած եմ այս նոյն նիւթը կրող հանդէսին: Տարիներ ետք, ես իրենց հին աշակերտը՝ այսօր իբրեւ պատասխանատու՝ նոյն նիւթը կը ներկայացնեմ տարբեր ոճով: Ինչպէս կ’ըսէ Մուշեղ Իշխան հայերէն լեզուին մասին. «Մշտանորոգ ու միշտ հին, ան կը տեւէ դարէ-դար»,- այդպէս է նաեւ Ճեմարանը: Ճեմարանը առաքելութիւն է, ոգի է: Մենք սերունդէ-սերունդ կը փոխանցենք Ճեմարանի ջահը»։ Մանկապարտիզպանուհին իր խօսքի աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց Ճեմարանի նկարչութեան ուսուցիչ Գօգօ Արբաճեանին՝ հանդէսի պաստառին պատրաստութեան համար։ Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ուսուցչուհիներուն՝ իրենց ժրաջան աշխատանքին համար։ Կանաչ դասարաններու աշակերտները «Մենք մանուկներ» եւ «Մեր պզտիկ աշխարհ» երգերով հանդէս գալէ ետք, ներկաները փոխադրեցին շատ հեռու, մոլորակի մը վրայ, ուր կ’ապրէր փոքրիկ իշխանը: Աշակերտները պարեցին վարդերու պարը, որուն աւարտին «վարդը» մերժեց փոքրիկ իշխանին ընկերը ըլլալ: Այնուհետեւ իշխանը այցելեց աշակերտներուն բեմականացուցած տարբեր մոլորակները: Կանաչ դասարաններու աշակերտները յաջորդաբար ներկայացուցին թագաւորներու եւ լապտերներու պարերը, ապա վարդագոյն դասարաններու աշակերտները հանդէս եկան գլխարկներու, արաբական եւ ոստիկաններու պարերով։ Կապոյտ դասարաններու աշակերտներուն գնչուներու եւ «cowboy»ներու պարերուն յաջորդեց կանաչ դասարաններու աշակերտներուն նուագախումբի բեմականացումը, որմէ ետք դարձեալ կապոյտ դասարաններու աշակերտները ներկայացուցին օձերու պարը։ Փոքրիկ իշխանը այդքան մոլորակներ այցելելէ ետք, չկրցաւ գտնել իր փնտռած առաքինի ընկերը: Ի վերջոյ բարի օձն էր, որ օգնութեան հասաւ իրեն եւ զինք տարաւ իր վարդին մօտ: Կանաչ դասարաններու աշակերտները հանդէսի յայտագիրը փակեցին «Petit prince» եւ «Փոքրերու աշխարհ» երգերով ու պարով: Հանդէսի աւարտին, փոքրիկները Ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեանը հրաւիրեցին այսպէս. «Կը խնդրենք, որ բեմ բարձրանաք եւ մեր վկայականները մեզի տաք»: Այնուհետեւ իւրաքանչիւր աշակերտ վկայականը ստացած ատեն ներկաներուն փոխանցեց, թէ ապագային ի՛նչ կ՚ուզէ ըլլալ։ Վկայական ստացան հետեւեալ աշակերտները. Գալեմքէրեան Լիմ, Գիլէճեան Սելին, Կէօզիւպէօյիւքեան Շարիս, Միսիսեան Արազ, Պեզճեան Զուլալ, Քէշիշեան Ալիք, Քիլիսլեան Քրիսթինա, Գասապեան Շուշի, Կիւրեղեան Կալինա, Մահտեսեան Սարին, Մարկոսեան Նանօր, Մինասեան Քրիսթէլ, Մուրատեան Սթեֆանի, Ատուրեան Կայէլ, Բակլայեան Լոռի, Գույումճեան Սէրլի, Թահմիզեան Մէյրի, Կիրակոսեան Վիքի, Ղազարեան Մարգրիտ, Մարկոսեան Օրօր, Մոմճեան Ալիք, Գույումճեան Սամուէլ, Դերձակեան Կարէն, Ծատուրեան Հրակ, Կարապետեան Ժան, Մաթոսեան Սեպուհ, Մարթայեան Ժագ-Փօլ, Մարսիմ Դրօ, Շոգոյեան Յակոբ, Չափարեան Արի, Սապունճեան Հրակ, Անտոնեան Հրայր, Զարմէնեան Վահագն, Խաչատուրեան Աւետիս, Մխճեան Քրիսթոֆր, Պորոյեան վայք, Սաղտճեան Սերժ, Սեւեան Կրեկ, Տօնէրեան Էնտի, Փարլաքեան Պերճ, Աննայեան Գարլ-Ալեքս, Մինասեան Տանիէլ, Միքայէլեան Աւետիս, Չերքէզեան Նարեկ, Պասմաճեան Արամ, Տէմիրճեան Շանթ, Քէօշկէրեան Յովիկ: Նորսիկեան մանկապարտէզէն վկայեալ աշակերտները հանդէսը փակեցին Ճեմարանի քայլերգով։