YOHAN (Youth Organization Heart Awareness Now) ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱՐԿԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ՝ ԲԺՇԿԱԿԱՆ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱՇԽԱՏԱՆՈՑՆԵՐ

Կազմակերպութեամբ YOHAN (Youth Organization Heart Awareness Now) մարդասիրական հիմնարկին, Երեքշաբթի, 28 Յունուար 2020-ին, առաւօտեան ժամը 8:20-ին, «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ բժշկական դասախօսութիւն մը, որուն ներկայ գտնուեցան երկրորդական բաժինի աշակերտները, դպրոցի հիւանդապահները, ծնողներ եւ ուսուցիչներ:

Ճեմարանի տնօրէն Փաուլա Եղիայեան ողջունեց կազմակերպութեան ներկայացուցիչները, բարձր գնահատելով նախազգուշական այս արշաւը: Ապա YOHAN-ի ներկայացուցիչ Տոքթ. Ռիթա Չուխատարեան Հարունի ներկայացուց կազմակերպութեան նպատակն ու առաքելութիւնը, որմէ ետք «Hôtel Dieu» հիւանդանոցի սրտաբաններէն Տոքթ. Մարիօ Նժէյմ  դասախօսեց սրտի յանկարծակի կաթուածներուն եւ անոնց ախտանշաններուն մասին շեշտելով սիրտի վերակենդանացման (CPR) կարեւորութիւնը: 

Դասախօսութենէն ետք, քանի մը հանգրուաններով տեղի ունեցան սրտի վերակենդանացման փորձերու յատուկ աշխատանոցներ՝ LAU համալսարանի բժշկական բաժինի ուսանողներու եւ Լիբանանեան Օգնութեան Խաչի կողմէ, աշակերտներուն եւ ուսուցիչներու մասնակցութեամբ:

Աւարտին, հիմնարկին կողմէ վերակենդանացման գործիք մը  (AED) նուիրուեցաւ դպրոցին: Շնորհակալութիւն կը յայտնենք  YOHAN մարդասիրական հիմնարկին: