«STEM» ԾՐԱԳՐԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ

Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանը հանդիսացաւ Միջին Արեւելք եւ Հիւսիսային Ափրիկէ տարածաշրջանի առաջին դպրոցը, ուր «Պոսթըն Սայընթիֆիք» կենսա-արհեստագիտական (biotechnology) ընկերութիւնը ներկայացուց դպրոցական աշակերտներու համար պատրաստուած իր STEM (Science Technology Engineering Math) ծրագիրը: Աշակերտներուն հետ զրոյցը, զոր վարեցին «Պոսթըն Սայընթիֆիք»ի չորս զեկուցաբերներ,  անդրադարձաւ առողջապահական եւ բժշկական սարքերու պատրաստութեան մէջ գիտութեան տարբեր բնագաւառներու դերին:

 Ծրագիրը աշակերտութեան մօտ հետաքրքրութիւն զարգացուց գիտութեան, արհեստագիտութեան եւ առողջապահութեան շուրջ: