30 Մարտ-էն 2 Ապրիլ 2017-ի շաբաթավերջին, Ճեմարանը մասնակցեցաւ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի (American University of Beirut) եւ ֆրանսական համալսարանի (Université Saint-Joseph) կազմակերպած գիտութեան, թուաբանութեան եւ արհեստագիտութեան ցուցահանդէսներուն (SMEC Science Fair – Foire des sciences):
Գիտութեան ցուցահանդէսները այն վայրն են, ուր աշակերտները գիտական փորձեր կը կիրարկեն՝ իրենց հետախուզութեան պատասխանները գտնելու համար կամ արհեստագիտական համակարգի մանրակերտ մը պատրաստելու համար:
Երկրորդական բաժինէն Ալեք Էլպէքեան ներկայացուց «Ճատրակի թուաբանութիւնը» նիւթը (The mathematics of chess), որուն համար ստացաւ թուաբանական բաժինի երկրորդ մրցանակը: Յակոբ Թաշճեան, Արենի Խաչատուրեան, Նարօտ Սերուժեան եւ Ֆիլիփ Քէչէք ներկայացուցին միջերկրականեան հիւանդութեան եւ ժանտախտի հաւանական կապակցութիւնը եւ այդ կապէն բխող ապաքինման յոյսերը (Curing a disease with a Pathegen):
Միջնակարգ բաժինէն Ռուբէն Խաչատուրեան ներկայացուց Ափրիկէի անապատային շրջաններուն մէջ «Կենսական անձրեւներ» բնապահպանական ծրագիր մը՝ իր մանրակերտ օրինակով (Pluvia Vitae): Արմէն Եղիայեան ներկայացուց բնապահպանական այլ ծրագիր մը՝ «Ապագայի բնակարանը» (La maison ecologique du futur), ուր ուժանիւթի բնական աղբիւրները ելեկտրականութիւն կը մատակարարեն բնակարանին: