“OPEN WINGS OPEN BEER – CHAMPIONS LEAGUE FINAL”

Համազգայինի Փալանճեան-Արսլանեան Ճեմարանի Շրջանաւարտներու Միութեան Վարչութեան կազմակերպած “Open Wings Open Beer – Champions League final” ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 19 Մայիս 2012, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Ճեմարանի բացօթեայ բակին մէջ: Ներկայ էին մեծ թիւով շրջանաւարտներ եւ բարեկամներ: Ներկաներուն հրամցուեցան վարչութեան կողմէ պատրաստուած Chicken Wings-երը եւ գարեջուր: Միեւնոյն ժամանակ ներկաները խանդավառ եւ քաջալերական ոգիով հետեւեցան Champions League-ի աւարտական խաղին, որ կը ցուցադրուէր մեծ պաստառի վրայ: Ձեռնարկը տեւեց մինչեւ երեկոյեան ուշ ժամեր։