“MY PLATE” («Իմ պնակս»)

Երեքշաբթի 26 Մարտ 2013-ին, Ե. Դասարանի աշակերտներուն ներկայացուեցաւ «Իմ պնակս» (“My plate”)՝ առողջ սննդականոն եւ սովորութիւններ ունենալու նոր մօտեցում մը, ամրապնդելու գիտութեան դասի սննդառութեան մասին ամբարուած գիտելիքները: Ամերիկեան Համալսարանի հանրային առողջապահութեան բաժանմունքէն Ռիթա Չերքէզեան՝ Ե. Դասարանի աշակերտի ծնողք, սահիկներու ցուցադրութեամբ մանրամասնօրէն անդրադարձաւ “My plate”-ի մօտեցումներուն, ուր շեշտեց յատկապէս չափաւոր ուտելու ու մարզանք կատարելու կարեւորութիւնը: Աշակերտներու եւ ծնողներու մասնակցութեամբ ու հարցումներով ընթացաւ նիւթի մատուցումը, որմէ ետք կատարուեցաւ գործնական աշխատանք մը. ծնողներէ եւ աշակերտներէ բաղկացած խումբեր պատրաստեցին օրուան մը մէկ ժումի հաւասարակշռուած ուտելիքի նմուշ մը, ապա կատարուեցաւ պտուղներու աղցանի, popcorn-ի եւ սեւ տուրմի հիւրասիրութիւն: