Այս տարի եւս, Ճեմարանի Ժ. դասարանէն 16 աշակերտներ պիտի մասնակցին Լիբանան-Ամերիկեան համալսարանի (LAU) «MUN Global Classrooms»-ի վարժանքներուն:
Այս վարժանքներուն ընթացքին, Լիբանանի տարբեր դպրոցներէ եկած աշակերտներ դէմ յանդիման պիտի գան աշխարհը յուզող ընկերային, տնտեսական եւ քաղաքական հրատապ տագնապներուն: Անոնք պիտի սորվին զարգացնել իրենց փնտռտուքի, դիւանագիտական յարաբերութեան, հանրային հրապարակախօսութեան եւ շտապ վիճակներու ատեն ճիշդ լուծումներ որոնելու ունակութիւնները:
Բարի վարժանք Ժ. դասարանի 16 աշակերտներուն: