«LE CACAO, UN PRODUIT DE LUXE»

Նոյեմբեր ամսուան առաջին շաբաթը  միջնակարգի Ը. դասարաններու աշակերտները ֆրանսերէն լեզուով պատմութեան դասին ընթացքին ներկայացուցին իրենց կատարած խոյզերը 17-րդ դարուն եւրոպացիներու իշխանութեան տակ գտնուող գաղութներու սեւամորթ գերիներուն մասին, որոնց միջոցաւ կը կատարուէին հողամշակութեան զանազան աշխատանքներ, ինչպէս՝ տուրմի, թէյի եւ սուրճի մշակութիւնը:

Աշակերտները իրենց խոյզերով անդրադարձան այդ ժամանակաշրջանի առեւտուրին, մարդոց սննդամթերքի փոփոխութիւններուն, մասնաւորաբար տուրմի մշակման եւ օգտագործման:

Խոյզերու ներկայացման աւարտին, աշակերտները մեծ հաճոյքով համտեսեցին իրենց բերած սեւ տուրմերը: