«For a better society»

Կազմակերպութեամբ Հայկազեան համալսարանի «Peace building committee»-ին, աւելի առողջ ընկերութիւն մը կառուցելու (For a better society) ծրագրին առաջին աշխատանքային հանդիպումը կայացաւ Շաբաթ, 21 Դեկտեմբեր 2013-ին, մասնակցութեամբ լիբանանեան հայկական թէ օտար վարժարաններու աշակերտներու: Ճեմարանի երկրորդական բաժինի Ժ. Դասարանէն 11 աշակերտներ մասնակցեցան վերոյիշեալ հանդիպումին, ուր ներկայացուեցան հետեւեալ նիւթերը. Հայկազեան համալսարանի դասախօսներէն Ռիթա Մըրհեժ անդրադարձաւ մարմնակրթական դաստիարակութեան եւ անոր զարգացման, միտքն ու մարմինը առողջ պահելու այլազան ռազմավարութիւններու՝ առողջ միտք առողջ մարմնի մէջ: Ապա Լ.Օ.Խ.-ի ներկայացուցիչներէն մէկը փոխանցեց շտապ օգնութեան հիմնական սկզբունքները եւ գործնական ձեւերը: Ի վերջոյ խօսք առաւ Ռիչըրտ Տաու (physical therapist մը):