«FANTASTICA INT’L SHOW»

Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան նախաձեռնութեամբ եւ հրաւէրով, Չորեքշաբթի, 18 Դեկտեմբեր 2013-ի առաւօտեան, «Միշել Մըր» համալիրին մէջ մանկապարտէզի կանաչ դասարանի, տարրական բաժինի եւ նախակրթարանի Դ., Ե. դասարաններու աշակերտները ներկայ գտնուեցան «Fantastica int’l show»-ին: Փոքրիկները հաճոյքով դիտեցին ներկայացուած կախարդական խաղերը, ճկունութեան ցուցադրութիւնները, պարերը, մկանային խաղարկութիւնները եւ այլ հետաքրքրական պատկերներով ներկայացումները: Ներկայացումէն վերադարձին խումբ մը աշակերտներ իրենց ճկունութեան շնորհիւ բուրգ մը կազմեցին: Շնորհակալութիւն Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան: