Ուրբաթ, 27 Ապրիլ 2018-ին, Ճեմարանի աշակերտներէն խումբ մը մասնակցեցաւ Սէն Ժոզէֆ համալսարանի (Université Saint-Joseph) կազմակերպած «Dictée-plaisir» մրցանքին:
Է. դասարանէն մինչեւ ԺԱ. դասարանի աշակերտներ, ընկերակցութեամբ ֆրանսերէն լեզուի իրենց ուսուցիչներուն, ներկայացան շատ դաստիարակիչ այս աշխատանքին: