«Conflict resolution»

Կազմակերպութեամբ Հայկազեան համալսարանի «Peace building committee»-ին, միջդպրոցական երկրորդ աշխատանքային հանդիպումը կայացաւ Շաբաթ, 22 Մարտ 2014-ին, մասնակցութեամբ լիբանանեան հայկական թէ օտար վարժարաններու աշակերտներու: Ճեմարանի երկրորդական բաժինի Ժ. դասարանէն 6 աշակերտներ մասնակցեցան վերոյիշեալ հանդիպումին, ուր ներկայացուեցաւ «վէճերու հանգուցալուծում» (Conflict resolution) նիւթը: Այս հանդիպումին աշակերտները լսեցին բացատրութիւններ, թէ ի՛նչ ունակութիւններու տէր կ’ըլլայ զգացական հաւասարակշռութիւն (emotional intelligence) ունեցող մարդը եւ թէ ի՛նչպէս կարելի է զարգացնել այդ գիծը: Անոնք իրազեկ դարձան, թէ ի՛նչպէս կրնան դիմագրաւել առօրեայ իրենց վէճերը կամ բախումները ընկերներուն, ծնողներուն, շրջապատին եւ նոյնիսկ իրենց անձին հետ եւ թէ ի՛նչպէս կրնան դրական ելքով լուծումներ գտնել իրենց կեանքը դժուարացնող այդ վէճերուն: