Է. Կարգի աշակերտներս կարդացինք Համաստեղի «Չալօ»ն, վերլուծեցինք ու արծարծեցինք նիւթը հայերէնի դասապահու ընթացքին, որմէ ետք հանդիպում մը ունեցանք արուեստագէտ/մանկավարժ Օրդ. Գայիանէ Մածունեանին հետ։

Ան մեզի ներկայացուց շուներու հաւատարմութեան, զարգացած հոտառութեան, տարբեր մշակոյթներու մօտ մարդ-շուն յարաբերութեան պատմութեան, անասուններու մասին փիլիսոփաներու կարծիքը, ինչպէս նաեւ՝ հայ թէ օտար գրականութեան մէջ շան տիպարը։ Մեզի պատմեց «Հաչիքօ» շան հաւատարմութեան պատմութիւնը՝ համեմատելով Համաստեղի «Չալոյին» հետ։ Օրդ. Գայիանէն պատասխանեց մեր հարցումներուն, գոհացուց շունիկ սիրողներուս հետաքրքրութիւնները եւ հարստացուց մեր գիտելիքները։

Ալիք Քէշիշեան
Շարիս Կէօզիւպէօյիւքեան
Վայք Պորոյեան