Երկուշաբթի, 26 Ապրիլ 2021-ին, Է. դասարանի աշակերտներս հանդիպում մը ունեցանք 2010-ի ճեմարանաւարտ, «Օքսֆորտ» համալսարանէն տոքթորական իր վկայականը ստացած մարդաբան՝ Հրակ Փափազեանին հետ։ Մեր նիւթը իր հեղինակած «Բռնկում» պատմուածքին մասին էր. հայերէնի դասապահուն ընթացքին մենք դիտած էինք այդ նիւթով պատրաստուած տեսերիզը։ Ան պատմեց, թէ իր փոքր տարիքէն ի վեր կը սիրէր գրել եւ երբեմն կը փախչէր դասարանէն, կ՚երթար դպրոցին գրադարանը՝ գրելու եւ կարդալու համար։ Մեզի տուաւ խրատներ եւ յանձնարարեց, որ շարադրութիւն մը գրելու ատեն մեր ներշնչումի աղբիւրը փնտռենք մեր շրջապատէն եւ մեր առօրեայ կեանքէն։
Անդրադառնալով «Բռնկում»ին՝ ան ըսաւ, թէ հոն կան դերակատարներուն զգացումները եւ անշուշտ հեղինակին գաղափարները եւ անհատական տեսակէտը։ Արեւմտահայերէնը ապրող լեզու է,- եզրափակեց ան եւ աւելցուց, որ մեր լեզուն մեծ հայրիկներուն եւ մեծ մայրիկներուն չի պատկանիր միայն, այլ կարելի է անով գրել եւ ստեղծագործել։
Շատ հաճելի եւ դաստիարակիչ զրոյց մըն էր։ Շնորհակալութիւն կը յայտնենք տոքթոր Հրակին, եւ անհամբեր կը սպասենք ծանօթանալու իր յաջորդ գրութիւններուն։
«Բռնկում» տեսերիզին յղումը՝
https://fb.watch/56qkQWcI-a/
Պատկերներ՝ Գրիգոր Աւեսեան
Բեմադրութիւն՝ Սերժ Մանուկեան