Հինգշաբթի 15 եւ Ուրբաթ 16 Դեկտեմբեր 2022-ին տարրական բաժինի Գ. դասարանի եւ նախակրթարանի աշակերտները ներկայ գտնուեցան Համազգայինի «Արեգ» մանկապատանեկան թատերախումբի «5-րդ եղանակը» երաժշտախառն թատրերգութեան ներկայացումին:
Կը գնահատենք Ճեմարանի հետեւեալ աշակերտները, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին այս թատրերգութեան. Լիլիթ Տէմիրճեան, Սէրլի Սիւմպիւլեան, Արմէն Սիւմպիւլեան, Կալիա Գարկայեան, Լիմ Քէնտիրճեան, Վանա Կարապետեան, Սեւանա Կարապետեան, Յարութ Օղկասեան, Լալիկ Ալթունեան, Էմմա Արթուն, Արազ Միսիսեան, Նարէ Աբրահամեան եւ Քամի Պոյաճեան: Վարձքը կատա՛ր Ճեմարանի ընկերային ծառայող եւ թատրոնի ուսուցչուհի, այս թատրերգութեան հեղինակ եւ բեմադրիչ Սիլվա Սողոմոնեանին:
