28 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐԻ ԿԱՂԱՆԴԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Չորեքշաբթի, 28 Դեկտեմբեր 2011-ը Կաղանդի տօնակատարութեան օր էր։ Տարրական բաժինի աշակերտները խանդավառութեամբ երգեցին, արտասանեցին, պարեցին եւ սպասեցին Կաղանդ Պապուկին։ Ժամ մը մշակութային բռնկումէ ետք, Կաղանդ Պապուկը եկաւ եւ աշակերտներուն ուրախութիւնը հասցուց իր գագաթնակէտին։ Անոնց ուրախութիւնը կրկնապատկուեցաւ, երբ ստացան Կ. Պապուկին բերած գեղեցիկ նուէրները։ Նախակրթարանի աշակերտներուն համար դասարաններէն ներս կատարուեցաւ հիւրասիրութիւն։ Անոնք նուէրներ փոխանակեցին, ապա փոխադրակառքերով մեկնեցան դիտելու ամանորեան Arthur Christmas շարժապատկերը։ Միջնակարգի աշակերտները «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ, իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ տօնեցին կաղանդը, ներկայացնելով իրենց իսկ պատրաստած յայտագիրը, որ կ՚ընդգրկէր պար, նուագ, երգ, եւայլն։ Նոյն օրը երեկոյեան, Ն. Փ. Ճեմարանի Վասպուրական սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ճեմարանի անձնակազմին ամանորի խրախճանքը։