100 ԱՌ 100 ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆ ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ՊԱՔԱԼՈՐԷԱՅԻ ՔՆՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ

Անցնող երկու տարիներուն ընթացքին, Ճեմարանի երկրորդական բաժինին մէջ կատարուեցաւ ֆրանսական պաքալորէայի նոր ծրագիրի պատշաճեցումը՝ մասնագիտական դասանիւթեր, բանաւոր քննութիւններ, նիւթերու գնահատման նոր ձեւաչափ, արժենիշեր, դասագիրքեր, եւայլն: Նոր մարտահրաւէր մըն էր տնօրէնութեան, ուսուցիչներուն, մանաւանդ՝ երկրորդական բաժինի աշակերտներուն համար, որոնք ամբողջութեամբ այս նոր ծրագիրին հետեւելով, պիտի մասնակցէին պետական քննութիւններուն:

Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի տնօրէնութիւնը ուրախութեամբ կը յայտնէ, որ հակառակ Լիբանանի քաղաքական, տնտեսական թէ համաճարակի ստեղծած ծանր պայմաններուն, 2020-2021 տարեշրջանի աւարտական դասարանի աշակերտները եւ ուսուցիչները միասնաբար յաղթահարեցին բոլոր դժուարութիւնները, եւ ֆրանսական պաքալորէայի քննութիւններուն ներկայացած 32 աշակերտները յաջողեցան (100 առ հարիւր): 21 աշակերտներ արժանացան յիշատակութեան (1 շատ լաւ՝ դատակազմի յատուկ գնահատականով, 2 շատ լաւ, 6 լաւ, 12 բաւական լաւ):

Ստորեւ աշակերտներուն անուանացանկը.

Ալիս Գարաճեան (լաւ), Ալիք Ճինպաշեան, Անտրու Գարամինասեան, Արին-Հելէնա Գրիգորեան (լաւ), Արփի Պապիկեան (բաւական լաւ), Բալիկ Թէքէլեան, Էտուարտ Թաշճեան (լաւ), Ժագոպ Աճէմեան, Ինեսա Քէչէք (շատ լաւ), Կալի Քէշիշեան (շատ լաւ, դատակազմի յատուկ գնահատականով), Կասիա Թիւթէլեան (բաւական լաւ), Կարէն Ճինպաշեան (լաւ), Հելէն Ադամեան, Հուրի Հալէպլեան, Ճոն Ժըհայէմ, Յարութ Ղազարեան (բաւական լաւ), Նանոր Հէյպէլեան (բաւական լաւ), Նարօտ Թաշճեան (բաւական լաւ), Շանթ Ահարոնեան (բաւական լաւ), Շէրիլին Տիրացույեան (լաւ), Պետօ Գալուստեան (լաւ), Պօղոս Համալեան (բաւական լաւ), Ռէն Խաժօ, Ռուպինա Պահտայեան (բաւական լաւ), Սարին Զարմէնեան, Սէրլի Հաճաքեան, Սիլվիա Տէմիրճեան (բաւական լաւ), Սինթիա Պայրաքտարեան (բաւական լաւ), Վանա Մանիսաճեան (շատ լաւ), Վարագ Կէօզիւպէօյիւքեան (բաւական լաւ), Ցոլեր Գէորգեան (բաւական լաւ), Փեռլա Թորոսեան:

Կը շնորհաւորենք մեր շրջանաւարտները, ծնողները եւ Ճեմարանի անձնակազմը:

Տնօրէնութիւն