Կազմակերպութեամբ Ֆրանսական Սէն Ժոզէֆ համալսարանի (USJ), տեղի ունեցաւ ֆրանսախօս դպրոցներու բանավէճի մրցանք մը, որուն մասնակցեցան 240 աշակերտներ Լիբանանի զանազան դպրոցներէ:
Քանի մը շաբթուան վրայ երկարող այս մրցանքին ընթացքին, Ճեմարանի երկրորդական բաժինէն խումբ մը աշակերտներ թեր եւ դէմ կեցուածքներ որդեգրելով մասնակցեցան զանազան նիւթեր ընդգրկող բանավէճերու:
Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ 23 Փետրուար 2019-ին, աւարտական հանգրուանի բանավէճին՝ Ճեմարանի երկրորդական բաժինի ԺԱ. գրական դասարանի աշակերտ Ռոյ Ճիզմէճեան հանդիսացաւ առաջին, երկու յաջորդական տարիներ այս տիտղոսը վերապահելով Ճեմարանին (2018-ին, Ռուբէն Խաչատուրեան՝ առաջին):
Կը շնորհաւորենք Ռոյը իր այս նուաճումին առիթով: