Կազմակերպութեամբ Ֆրանսական Սէն Ժոզէֆ համալսարանի (USJ), տեղի ունեցաւ ֆրանսախօս դպրոցներու բանավէճի մրցանք մը, որուն մասնակցեցան 200 աշակերտներ Լիբանանի զանազան դպրոցներէ:
Քանի մը շաբթուան վրայ երկարող այս մրցանքին ընթացքին, աշակերտները թեր եւ դէմ կեցուածքներ որդեգրելով մասնակցեցան զանազան նիւթեր ընդգրկող բանավէճերու: 23 Ապրիլ 2018-ին, աւարտական հանգրուանի բանավէճի նիւթն էր՝ կառավարութիւնը իրաւունք պիտի ունենայ անձնական եւ հանրային տեղեկութիւնները հաւաքելու:
Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ Ճեմարանի երկրորդական բաժինի Ժ. դասարանի աշակերտ Ռուբէն Խաչատուրեան հանդիսացաւ առաջին: Կը շնորհաւորենք զինք իր այս նուաճումին առիթով: