«ՖԵՆԹԵՍԹԻՔ ՇՕ»

Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան նախաձեռնութեամբ եւ հրաւէրով, Երեքշաբթի, 18 Դեկտեմբեր 2012-ի առաւօտեան տարրական բաժինի եւ նախակրթարանի Դ. դասարանի աշակերտները ներկայ գտնուեցան «Միշել Մըր» համալիրին մէջ տեղի ունեցած «Ֆենթեսթիք շօ» խումբի ներկայացումներուն՝ կախարդական խաղեր, չինական ճկունութեան ցուցադրութիւններ, պարեր, մկանային խաղարկութիւններ եւ այլ հետաքրքրական պատկերներ։ Աշակերտներուն բարի գալուստ մաղթեց յայտագիրի կազմակերպիչ Իտ Ֆրանսիս, ապա խօսք առաւ Պուրճ Համուտի փոխքաղաքապետ Ճորճ Գրիգորեան, որ անդրադարձաւ Ամանորի խորհուրդին ու իմաստին` հաստատելով, որ տօնը յաւելեալ առիթ է, որպէսզի Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը, փոքրիկներուն նկատմամբ իր ունեցած յատուկ ուշադրութիւնը դրսեւորէ` անոնց առիթ տալով ուրախ ժամեր անցընելու: Իր խօսքի աւարտին փոխքաղաքապետը բարեբեր, ուրախ եւ խաղաղութեամբ ու յաջողութեամբ լի տարի մը մաղթեց աշակերտներուն: Ապա դաշտը յանձնուեցաւ «Ֆենթեսթիք շօ» խումբի տղոց եւ աղջիկներուն, որոնք հետաքրքրութիւն, խանդավառութիւն եւ անակնկալներով լի մթնոլորտ ստեղծեցին` աշակերտներուն անմոռանալի ժամեր ապրեցնելով: