«Օրագիր» փաստավաւերագրական թատերախաղի ներկայացում

Երկուշաբթի, 11 Մարտ 2019-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ, Թ. եւ Ժ. դասարանի աշակերտները ներկայ գտնուեցան Սումկայիթի ու Պաքուի ջարդերուն մասին Լիանա Բաղասրեանի անձնական օրագրութեան հիման վրայ Նարեկ Դուրեանի կողմէ բեմադրուած «Օրագիր» փաստավաւերագրական թատերախաղի ներկայացման: