Կազմակերպութեամբ ընկերային ծառայութեան գրասենեակին, Հինգշաբթի 22 Մայիս 2025-ին, «Քունհատի» (Kunhadi) կազմակերպութեան հիմնադիր՝ Լենա Ժըպրան, Ժ. դասարանի աշակերտներուն խօսեցաւ ինքնաշարժ վարելու ժամանակ արկածներ կանխարգիլելու մասին:
(Kunhadi) կազմակերպութիւնը հիմնադրուած է Լենա Ժըպրանի զաւակին՝ Հատիին ինքնաշարժի չարաղէտ արկածէն ետք։ Աշակերտները դիտեցին Հատիին կեանքը ներկայացնող տեսերիզ մը եւ ծանօթացան ճանապարհային երթեւեկութեան կանոններուն:
