ՔՆԱՐԵՐԳԱԿԱՆ ՍԵՌԸ ԵՒ ՍՈՒՐԲ ՍԱՐԳԻՍ

Հայկական տօնացոյցին մէջ Փետրուար ամիսը հարուստ է բազմաթիւ տօներով։ Այդ տօներէն Սուրբ Սարգիսը` իբրեւ սիրոյ բարեխօս տօն, միջնակարգի Թ. դասարանի աշակերտներուն համար դարձաւ դասաւանդութեան նիւթ, այսինքն` աշակերտները սորվեցան քնարերգական սեռը, վերլուծեցին սիրոյ նուիրուած բանաստեղծութիւններ եւ ըստ կարելիութեան ունկնդրեցին այդ բանաստեղծութիւններուն երգերը։
Սոյն դասանիւթի ծիրէն ներս, Հինգշաբթի, 13 Փետրուար 2025-ին, հայերէնի դասապահուն հրաւիրուած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբան Հոգշ. Տ. Աւետիք Վրդ. Տ. Կարապետեանը։ Հայր սուրբը աշակերտներուն խօսեցաւ Սուրբ Սարգիսի, Տեառնընդառաջի տօներուն եւ աւանդութիւններուն մասին, ապա բացատրեց, թէ ի’նչ կը նշանակէ Պահքը եւ անդրադարձաւ անոր հոգեւոր կարեւորութեան մասին։
Աշակերտները մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւացան նիւթին եւ հայր սուրբին հարցուցին զանազան հարցումներ։
Ապա անոնք «Չալեան» սրահ ուղղուեցան եւ հիւրասիրուեցան Սուրբ Սարգիսի անուշով եւ աղի բլիթով։

Արեգ Վան Աշգարեան