ՔԼԻՄԱՆՃԱՐՕ

Աշխարհագրութեան դասին ծիրէն ներս, Դ. դասարաններու աշակերտները Ափրիկէ ցամաքամասին ծանօթանալէ ետք, առիթը ունեցան «բարձրանալու» Ափրիկէի բարձրագոյն լեռը: Աշխարհագրութեան ուսուցչուհիին հրաւէրով Րաֆֆի Թոքաթլեան, որ 2007-ի Յուլիսին բարձրացած է Քլիմանճարօ լեռ, 24 Մարտին այցելեց Ճեմարան եւ Դ. դասարաններու աշակերտներուն պատմեց իր փորձառութիւնը նկարներու ցուցադրութեամբ: Մէկ շաբաթ տեւած էր լեռ բարձրանալը՝ 5 օր բարձրանալ եւ 2 օր իջնել: Աշակերտները մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւեցան լեռնագնացութեան օրէնքներուն, ծանօթացան անհրաժեշտ պիտոյքներուն, հագուստներուն, եւայլն: Անոնք ուրախ էին, որ կ\\\’ապրէին այդ մեծ փորձառութիւնը լեռնագնացին հետ: Ներկայացման աւարտին Րաֆֆի Թոքաթլեան պատասխանեց աշակերտներուն հարցումներուն: