«ՔԱՔԱՒՈՅԻ ԵՒ ՏՈՒՐՄԻ» ՆԱԽԱՃԱՇ

Չորեքշաբթի, 15 Նոյեմբեր 2023-ին, միջնակարգի Ը. դասարանի աշակերտները,  ֆրանսերէն լեզուով ընդհանուր պատմութեան եւ աշխարհագրութեան ուսուցչուհիին հետ կազմակերպեցին «Քաքաւոյի-ի եւ Տուրմի» նախաճաշ մը:

Անոնք այս նախաճաշը կատարեցին ԺԸ. դարու քաղքենիներուն նման, երբ տուրմը թանկարժէք եւ շքեղ ուտեստեղէն մըն էր, որ կը ներածուէր Ամերիկեան ցամաքամասէն եւ մատչելի էր միայն հարուստ եւրոպացիներուն, որոնք զայն կը սպառէին իբրեւ նախաճաշ, ճաշ եւ նոյնիսկ ընթրիք: