ՔԱՅԼԱՐՇԱՒ ԴԷՊԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔ

Հինգշաբթի, 23 Ապրիլ 2015-ի առաւօտեան, Դ.էն ԺԲ. կարգերու աշակերտները հաւաքուեցան «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահ, ուր տեղի ունեցաւ ցեղասպանութեան 100 ամեակին նուիրուած գեղարուեստական յայտագիր մը, որ կ’ընդգրկէր ասմունք, մեներգ, նուագ ու պար: Դպրոցի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեանի պատգամէն ետք, աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն ու պատասխանատուներուն ընկերակցութեամբ քալեցին մինչեւ Մայրավանք՝ Ս. Ստեփանոսի մատրան դիմաց, լիբանանահայ վարժարաններու աշակերտներուն հետ միասնաբար համախմբուուած իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն: