ՓՈՔՐԻԿ ԽԱՆՈՒԹՊԱՆԸ

Չորեքշաբթի, 25 Մայիսին տարրական բաժինի Բ. դասարանի աշակերտները «Փոքրիկ Խանութպանը» դասին փոխանցած գիտելիքները կիրարկեցին մեծ խանութի՝ հանրախանութի մէջ։ Անոնք հանրախանութէն ներս շրջեցան եւ առարկաներ գնեցին հատով, քիլոյով, զոյգով, եւայլն։ Իւրաքանչիւր աշակերտ իր գնած առարկաներուն գինը վճարելէ ետք վերադարձաւ փոխադրակառք։ Դպրոց հասնելէ ետք, աշակերտները միատեղ ճաշակեցին կարգ մը ուտելիքներ, իսկ մնացեալ առարկաները տուն տարին։