Չորեքշաբթի, 12 Փետրուար 2025-ին, միջնակարգի Ը. դասարանի աշակերտները իրենց հետ բերած էին այս ամսուան տօներուն առնչուած տեղեկութիւններ եւ նկարներ։ Աշակերտները հաւաքուեցան «Չալեան» սրահին մէջ, ուր իւրաքանչիւր խումբ պատրաստեց նախօրօք պահանջուած նիւթը։ Ապա աշակերտները բարձրացան դասարան եւ ներկայացուցին իրենց աշխատանքները, ապա զանոնք զետեղեցին դասարանին ցուցատախտակին վրայ։
ՓԵՏՐՈՒԱՐ ԱՄՍՈՒԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐ
