ՓԱՅԼՈՒՆ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՃԱՏՐԱԿԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԵԱՆ

Կիրակի, 25 Մայիս 2014-ին, Ժամհուր վարժարանին մէջ աւարտեցաւ Լիբանանի 2014-ի տարիքային ախոյեանութիւնը: Երեկոյեան տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնի անդամներուն, հիւրընկալ վարժարանին պատասխանատուներուն եւ մասնակցող աշակերտներուն ծնողներուն: Ստորեւ Ճեմարանի մրցանակակիր աշակերտներուն անունները. 8 տարեկանէն վար աղջիկներ՝ Ալիք Թենպէլեան (առաջին) եւ Անժելինա Դարբինեան (երկրորդ) 10 տարեկանէն վար տղաք՝ Հրակ Լախեան (երկրորդ) 12 տարեկանէն վար աղջիկներ՝ Նարօտ Գըլըպոզեան (առաջին) եւ Ալիս Գարաճեան (երկրորդ) 12 տարեկանէն վար տղաք՝ Լեւոն Գալայճեան (երրորդ) 14 տարեկանէն վար աղջիկներ՝ Նանի Գալուստեան (երկրորդ) 14 տարեկանէն վար տղաք՝ Գարլօ Դարբինեան (երկրորդ) 16 տարեկանէն վար տղաք՝ Հրակ Գըլըպոզեան (երրորդ)