ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵՆԷՆ ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄ՝ ՆՈՅՆ ԹՇՆԱՄԻՆ

Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի երկրորդական բաժինի «Ցեղասպանութենէն արցախեան պատերազմ՝ նոյն թշնամին» խորագրեալ առցանց ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 29 Ապրիլին, երեկոյեան ժամը 6։00-ին:

 

Ճեմարանի տնօրէն Փաուլա Եղիայեանի ողջոյնի խօսքէն ետք, Լսարանական Միութեան պատասխանատու Խաչիկ Հրակ Տէմիրճեան ներկայացուց ձեռնարկի հիւրերը՝ «Ապառաժ» թերթի խմբագիր՝ Արա Պուլուզեանը (Արցախ), Համազգայինի Արցախի գրասենեակի պատասխանատու՝ Հերմինէ Աւագեանը (Արցախ), երաժիշտ եւ խմբավար, Շուշիի «ՎԱՐԱՆԴԱ» պետական երգչախումբի հիմնադիր եւ գեղարուեստական ղեկավար Զաքար Քէշիշեանը (Լիբանան) եւ Ճեմարանի շրջանաւարտներ՝ Սանան Խաչերեանն ու Քրիստ Բրուտեանը(Արցախ)։

 

Արա Պուլուզեան «նոյն թշնամին» հասկացողութիւնը մեկնաբանեց պատմական ակնարկով մը՝ հասնելով արցախեան վերջին պատերազմին. ան ըսաւ, որ թշնամին ինչպէս երէկ, այսօր ալ ունի նոյն ձգտումները, միաժամանակ անդրադարձաւ Արցախի բանակին կարողականութեան եւ պարտութեան պատճառներուն։ Արցախի դիմագրաւած մարտահրաւէրները նշելէ ետք, Պուլուզեան շեշտեց վերականգնումի եւ պահանջատիրութեան կարեւորութիւնը։

 

Բանաստեղծուհի Հերմինէ Աւագեան ներկայացուց «Համազգայինը Արցախի մանուկների կողքին» ծրագիրը։ Ան խօսեցաւ պատերազմի օրերուն եւ յետ պատերազմեան շրջանին մանուկներուն ու պատանիներուն հետ կատարուած կրթական եւ մշակութային աշխատանքներուն մասին, շեշտելով ծրագրի կարեւորութիւնը եւ շարունակականութիւնը։

 

Զաքար Քէշիշեան նախ խօսեցաւ Շուշի քաղաքին պատմական հոլովոյթին, մասնաւորաբար հինէն ի վեր անոր Արցախի մշակութային կեդրոն ըլլալուն մասին: Ապա Շուշիի ազատագրումէն ետք, ան  անդրադարձաւ անոր վերածաղկումին, դրուագներ պատմեց իր արցախեան յուշերէն եւ յոյս ներշնչեց բոլորին, ըսելով որ ինք ամրան դարձեալ պիտի երթայ Արցախ, Վարանդա երգչախումբի փորձեր կազմակերպելու թէկուզ Շուշիէն դուրս, բայց մի՛շտ հաւատալով կրկին զայն ազատագրելու գաղափարին:

Ուշագրաւ էր Ճեմարանի շրջանաւարտներ Սանան Խաչերեանի եւ Քրիստ Բրուտեանի մասնակցութիւնը ձեռնարկին՝ Արցախէն, ուր մեկնած են Հ․Յ․Դ․ երիտասարդական միութիւններու նախաձեռնութեամբ հերթական ճամբարներ կազմակերպելու Արցախի պատանիներուն համար, նպատակ ունենալով անոնց ազգային գաղափարախօսութեան ամրապնդումը, պատանիներուն նոր գիտելիքներ փոխանցելը եւ յետպատերազմական ծանր մթնոլորտէն դուրս գալը: Ճեմարանի շրջանաւարտները խօսեցան իրենց փորձառութեան մասին խրախուսելով ճեմարանականները, որ իրենց կարգին կարելի բոլոր միջոցներով զօրավիգ կանգնին Արցախին:

Ձեռնարկին ընթացքին աշակերտները առիթ ունեցան զիրենք յուզող հարցեր արծարծելու հիւրերուն հետ: