ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 108-ԱՄԵԱԿԻ ՈԳԵԿՈՉՈԻՄ ԵՒ ՔԱՅԼԱՐՇԱՒ

Երեքշաբթի, 25 Ապրիլ 2023-ի առաւօտեան ժամը 8։00-ին Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի նախակրթարանի, միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտները Հայոց Ցեղասպանութեան 108-ամեակը ոգեկոչեցին «Գարագաշեան» սրահին մէջ։

Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներուն ունկնդրութեէնէն ետք, բացման խօսքը ընթերցեց Արեգ Ժերդիտեան, ապա Քրիսթել Մինասեան դաշնամուրով նուագեց Արամ Խաչատուրեանէն «Սոնատ 2», որմէ ետք Մարգրիտ Ղազարեան երգեց՝ «Տուն իմ հայրենի»: Դանիէլ Վարուժանի «Դերենիկը» ասմունքեց Լիլիթ Տէմիրճեան, ապա Հրակ Արբաճեան դաշնամուրով նուագեց Արամ Խաչատուրեանէն կտոր մը, որմէ ետք խումբ մը աշակերտուհիներ պարեցին «Արաքս»ը: «Երեւան-Էրեբունի» խմբերգէն ետք, օրուան պատգամը փոխանցեց Ճեմարանի նախկին տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան:  Դ. դասարանի աշակերտներուն «Մշեցի մօր երգը» խմբերգով աւարտեցաւ ձեռնարկին գեղարուեստական բաժինը: Աւարտին, Ճեմարանի տնօրէն Փաուլա Եղիայեան վերահաստատեց Ճեմարանի պահանջատէր հայ անհատներ կազմաւորելու առաքելութիւնը եւ յայտարարեց քայլարշաւին մեկնարկը:  

Ձեռնարկէն ետք, Ժամը 9-ին, աշակերտները քայլարշաւով գացին Անթիլիասի մայրավանք, ուր տեղի ունեցաւ յիշատակի արարողութիւն եւ ծաղիկներու զետեղում՝ Նահատակաց յուշարձան-մատուռին դիմաց։ Յիշենք, որ աշակերտական այս հաւաքին գեղարուեստական բաժինին, թաւջութակի նուագով իր մասնակցութիւնը բերաւ Ը. դասարանէն Արմէն Մխճեան: